2012-10-25 11:51:08

Նոր Աւետարանութիւն Նիւթով Սիւնհոդոսի Մասին Մամլոյ Ասուլիս


Ուրաբթ 26 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 12.45 անց, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար <<նոր աւետարանութիւնը ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի>> նիւթով վատիկանի մէջ գումարուած (7-28 հոկտեմբեր) òպիսկոպոսական ԺԳ սիւնհոդոսի աւարտական պատգամը։
Իսկ Շաբաթ 27 հոկտեմբերին նախատեսուած է սիւնհոդոսի եզրափակիչ մամլոյ ասուլիսը որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 12.45-ին միշտ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ եւ որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Կարդինալ Տոնալտ Ուիլլիամ Վերլը, սիւնհոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն, գերապայծառ Բիէր Մարի Գարրէն` սիւնոհոդսի յատուկ քարտուպարը եւ գերապայծառ Ժոզէֆ Միքալիք` Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.