2012-10-25 12:24:55

«Սուրիոյ Կառավարութիւնը Համաձայն Է Ատհայի Զինադադարին» Կը Յայտարարէ Լախտար Իպրահիմի։


ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը Ատհայի տօնին առիթով հաստատուելիք զինադադարին համաձայն է: Ան Գահիրէի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ընդդիմադիր զինեալ հատուածներու մեծամասնութիւնը եւս զինադադարը յարգելուն համաձայն է:
Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտնեց, որ այս հարցով իր վերջնական պատասխանը պիտի տայ այսօր հրապարակուելիք հաղորդագրութեան մը միջոցով:
Իպրահիմի յայտնեց, որ կը յուսայ վաղը հաստատուելիք զինադադարը օգտագործել «քաղաքական համապարփակ հոլովոյթի մը մաս կազմող աւելի երկարատեւ եւ ազդու զինադադար մը քննարկելու համար»: Իպրահիմի չըսաւ, թէ զինադադարը ե՛րբ պիտի սկսի կամ անոր տեւողութիւնը որքա՛ն պիտի ըլլայ:
Գալով Սուրիական ազատ բանակի քաղաքական հարցերով խորհրդական Պասսամ Տատա-ի,ան յայտնեց, որ «Իպրահիմի զինադադարի հարցով մեզի հետ կապ չհաստատեց եւ ստիպուած չենք անոր յանձնառու ըլլալ»:
Իսկ Սուրիական զինեալ ընդդիմութենէն «Ժապհաթ Նուսրա» կոչուած խմբակը մերժեց Ատհայի տօնին առիթով Սուրիոյ մէջ զինադադարը:
Մինչ այդ, ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նիքոլայ Մաքարով յայտնեց, որ սուրիացի ընդդիմադիրները ուսէ արձակուող հակաօդային հրթիռային համակարգեր, ներառեալ` ամերիկեան «Սթինկըր»-ներ ստացած են:
Հուսկ՝Եգիպտական օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ իր օդանաւերուն դէպի Հալէպ թռիչքները կը դադրեցնէ` քաղաքին մէջ ապահովական կացութեան վատթարացման պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.