2012-10-24 11:49:51

Փութին Եւ Էրտողան Լարուած Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցած Են


Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքէջը, յղում կատարելով թրքական «Այտընլըք» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ հարցով լարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:
Ըստ տեղեկութեան, զրոյցը աւարտած է, երբ կողմերէն մէկը փակած է խօսափողը:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցին, Փութին ըսած է, որ եթէ մինչեւ իսկ մէկ թուրք զինուոր Սուրիա մտնէ, իրենք պիտի նկատեն, թէ ան Մոսկուա մտած է: «Ասիկա սպառնալիք է եւ չենք կրնար ընդունիլ», ըսած է Էրտողան: Փութին իր կարգին պատասխանած է. «Ինչպէս կ՛ուզէք հասկցէք»: Ատկէ ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ընդհատուած է:
Որոշ աղբիւրներ կը պնդեն, որ Փութին խօսափողը փակած է, սակայն ըստ սուրիական աղբիւրներու, երկու կողմերն ալ խօսակցութիւնը չեն ընդհատած:
Նշենք, որ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի տեղակալը երէկ անակնկալ այցելութեամբ հասաւ Թուրքիա :








All the contents on this site are copyrighted ©.