Հնդկաստանի Վերին Ատեանը Յայտարարած Է Որ Աղօքթը Առանձնական Տուներու Մէջ Ազատ Է Եւ Հարկ
Չկայ Պետական Արտօնութիւն Ունենալու ։
Հնդկաստանի Մատրաս մարզի Վերին Ատեանը յայտարարած է որ ամէն կրօնի հասարակութիւնները
ազատ են առանձնական տուներու մէջ հաւաքական աղօթքներ կատարելու եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու
կողմէ ոչ մէկ արտօնութիւն ունենալու կարիքը կայ ։ Հնդկաստանի կառավարութեան այս արդար
վիճիռը մեծ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ։
Այս վիճիռը լաւ նշան է քրիստոնեաներու եւ այլ կրօններու հաւատացեալներուն համար,
քանի որ անով կը հաստատուի իրենց կրօնական ազատութեան հիմնական իրաւունքը։