2012-10-24 11:46:01

Լախտար Իպրահիմիի Այցելութիւնը Սուրիա։


Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ ,Լախտար Իպրահիմիի այցելութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ շուտով Ատհայի տօնին առիթով զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ` շեշտելով, որ «պէտք է այդ մէկը շուտով գոյացնենք»:
Ան ըսաւ, որ Իպրահիմիի «այցելութիւնը շատ տեղին ու յաջող էր, իսկ Իպրահիմիի հետ համագործակցութիւնը` անսահման»` աւելցնելով, որ «երկուքս ալ կը ջանանք Սուրիոյ, շրջանի եւ աշխարհի վրայ հանդարտութիւն, ապահովութիւն եւ կայունութիւն հաստատել, ուստի այդ պատճառով Իպրահիմի այս ջանքը կը թափէ` գործակցաբար առնչակից կողմերուն դադրեցնելու համար բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը, իսկ մենք միշտ լաւատես ենք»:
Թուրքիոյ փոխ-վարչապետ Ալի Պապաճան յայտնեց, որ Թուրքիա Իպրահիմիի` Սուրիոյ մէջ Ատհայի տօնին առիթով զինադադար հաստատելու ջանքերուն կը զօրակցի` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը եւս այդ ջանքերուն կը զօրակցի:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «ֆրանսական նախկին եւ ներկայ կառավարութիւնները Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական զինեալ աւազակախումբերուն տրամադրուած աջակցութեան միջոցով կը շարունակեն միջազգային օրէնքի բացայայտ մարտահրաւէր ուղղել»:








All the contents on this site are copyrighted ©.