2012-10-24 12:16:40

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Գահակալութեան 13-րդ Տարեդարձը։


Այսօր Չորեքշաբթի 24 Հոկտեմբեր 2012, 13-րդ տարեդարձն է Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութեան ։
Արդարեւ 1999-ի 24 Հոկտեմբերին (Լիբանանի Մէջ) կատարուեցաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան պաշտօնական արարողութիւնը: Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. ծնած է Գահիրէ, 17 Յունուար 1940-ին, հինգերրորդ զաւակն է խորապէս հաւատացեալ եւ ութ զաւակներու տէր ընտանիքի մը: Իր նախնական եւ երկրորդական ուսումները կատարած է Գահիրէի Ֆրէրներու Գոլէճներուն մէջ ապա ղրկուած՝ Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Դպրեվանք քահանայութեան պատրաստուելու։
Կուսակրօն Քահանայ ձեռնադրուած է Գահիրէ, 15 Օգոստոս 1965-ին,
ձեռամբ թեմին Առաջնորդ՝ Ռափայէլ Եպս. Պայեանի։ 18 Փետրուար 1990-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդ օծուած է ձեռամբ Ամեն. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիաքին: 7 Հոկտեմբեր 1999-ին՝ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած է Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ առած՝ Ներսէս Պետրոս ժԹ. անունը: Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն ամսուան 24-ին: Եւ նոյն տարւոյն 13 Դեկտեմբերին՝ Եկեղեցական Հաղորդութիւն ստացաւ Յովհաննսէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւններուն՝ Եգիպտոս «Փետրուար 2000», Յորդանան «Մարտ 2000», Սուրիա «Մայիս 2001» եւ Հայաստան «Սեպտեմբեր 2001»:
Իր գահակալութենէն ի վեր ան կատարեց հովուական այցելութիւններ թիկունք հանդիսացաւ համայնքի վարժարաններու ծաղկումին ու վերելքին, Ինչպէս նաեւ քաջալերեց լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը ապահովելով պատրիարքութեան թեմի, Մասիս» ամսաթերթին։ 7 Հոկտեմբեր 2001-ին, իր խնդրանքին վրայ եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առիթով, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
Փետրուար 2002-ին, Կաթողիկոս Պատրիարքը առաջին ժողովրդապետութիւնը կը հիմնէ Մոսկուա՝ նոր առաքելութիւն մը սկսելու համար Ռուսաստանի մէջ, շարունակելով 1991-ի Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ սկսուած առաքելութիւնները:
Յունուար 2005ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Վատիկանի Ս. Պետրոս Պալիզիքայի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ զետեղումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին:
Յունուար 2005ին, Հռոմի մէջ Հոգեւոր Տէրը Գիտաժողով մը կազմակերպեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակի առիթով, որուն հետապնդուած նպատակն է հռչակել տալ Ս. Գրիգորը ,Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»:
Յուլիս 2006ին, Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Ղարաբաղը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը կ’այցելէ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
Փետրուար 2008ին, Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեծ հանդիսութեամբ բացումը կը կատարէ եւ կ՝օրհնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անուան Հրապարակը եկեղեցական եւ քաղաքական հայ եւ օտար բարձր անձնաւորութիւններու, կղերականներու, մայրապետներու եւ Հռոմի ու զանազան երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ: Իր օրով տեղի ունեցաւ պատմական աննախընթաց դէպք մը այն է՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին այցը Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Վանքը ուր է նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռը։ Եւ այդ առթիւ նաեւ Հայ տպագրութեան 500 ամեակին առիթով, Զմմառու Վանքին մուտքի հրապարակը կանգնուեցաւ Յակոբ Մեղապարտի արձանը որուն օծումը կատարեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը...
Երկար կեանք, առողջութիւն եւ արեւշատութիւն կը մաղթենք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ՜՜Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետին՝՝ որպէսզի շարունակէ գործել ի սպաս հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին...








All the contents on this site are copyrighted ©.