2012-10-23 12:30:24

Օպամայի Եւ Ռոմնիի Հեռուստատեսիլային Վերջին Բանավէճը.


Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներ Պարաք Օպամայի եւ Միթ Ռոմնիի միջեւ երրորդ եւ վերջին պատկերասփռուած բանավէճէն վերջ անոնց վարկանիշերը գրեթէ հաւասարած են,Օպամայի փոքր մէկ առաւելութեամբ:
Նախորդ երկու հանդիպումներէն առաջինին ընթացքին, ինչպէս ծանօթ է յաղթանակ արձանագրած էր հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնի, իսկ երկրորդին` գործող նախագահ Պարաք Օպամա:
Ըստ վերջին հարցախոյզներուն, Ազգային գետնի վրայ երկու թեկնածուները հաւասարած են ։Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 6 նոյեմբերին:








All the contents on this site are copyrighted ©.