2012-10-23 14:05:56

Սուրբ Աթոռը Կը Հաստատէ Վատիկանեան Պատուիրակութեան Սուրիայ Այցելութիւնը ։


Սուրբ Աթոռի բանբեր Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ` Սուրբ Աթոռը հաստատած է վատիկանաան պատուիրակութեան այցելութիւնը Սուրիայ, հակառակ վերջին օրերուն կացութեան վատդարացումին ըլլայ Սուրիայ ըլլայ Լիբանանի մէջ։

Հայր Լոմպարտին հաստատած է թէ Սուրիոյ առաքելութիւնը պատրաստութեան մէջ է եւ թէ մօտ ժամանակուայ մէջ պիտի իրականացուի, ազդու կերպով սատարելու զօրակցութեան, հաշտութեան եւ խաղաղութեան արդիւնաւէտ նպատակներուն, հակառակ տարածաշրջանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած լուրջ ու մտահոգիչ իրադարձութիւններուն։Վատիկանը չ՛ուզեր հրաժարիլ իր այս ծրագիրէն աւելցուցած է յիսուսեան միաբանը։
Վատիկանի պատուիրակութեան Աուրիայ այցեութեան լուրը մեծ սպասումներ յառաջացուցած է սուրիոյ մէջ ըլլայ բնակչութեան ըլլայ իշխանութիւններու կողմէ, արդ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են ու կը շարունակուին։
Նշենք որ անցեալ 16 հոկտեմբերին Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն յայտարարած էր Սրբազան Քահանայապետի իղձը` եղբայրական զօրակցութիւնը ցուցաբերելու սուրիոյ ժողովուրդին, վատիկանի պատուիրակութեան մը








All the contents on this site are copyrighted ©.