2012-10-23 13:19:43

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Իտալիոյ Կառավարութեան Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 20-րդ Տարեդարձին Առիթով Դասախօսական Հանդիպում՝ Հռոմի Մէջ։


RealAudioMP3 Հովանաւորութեամբ՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտին, եւ նախաձեռնութեամբը՝ Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Ռուբէն Կարապետեանի, երկուշաբթի 22 հոկտեմբերի ժամը 11.30-ին տեղի ունեցաւ դասախօսական հանդիպում մը՝ Հռոմի Ծերակոյտի Ճուսթինիանի շքեղ շէնքի՝ Զուքքարի սրահին մէջ։
Դասախօսական այս հանդիպումը տեղի կ՝ունենար Հայաստանի եւ Իտալիոյ կառավարութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-րդ տարեդարձին առիթով։ Ներկայ էին Հռոմաբնակ հայեր, իտալացիներ նաեւ Հռոմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ։
Այս առթիւ բանախօսեցին ու միջամտութիւններ կատարեցին հայ եւ իտալացի անձնաւորութիւններ. նշենք անոնցմէ՝ Իտալիոյ ծերակոյտի փոխ նախագահ՝ Վաննինօ Քիթի, երեսփոխան Տիկ. Սանտրա Զամբա նախագահը՝ հայ- իտալական բարեկամակութեան յանձժողովին եւ Հ Հ դեսպան Ռուբէն Կարապետեան ։
Իր միջամտութեան մէջ, Երեսփոխան Տիկ. Սանտրա Զամբա յայտնեց թէ՝ խորհրդարանին ներկայացուեցաւ օրինագիծ մը, որով կը խնդրուի որ Իտալիոյ մէջ, 24 ապրիլը ըլլայ ՜՜Հայոց Մեծ Եղեռնի Յիշատակի օր՝՝ ։
Ռատիովատիկանի մեր աշխատակիցին հարցումին թէ ՜՜Ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս հանդիպումը՝՝ դեսպան Ռուբէն Կարապետեան ըսաւ.








All the contents on this site are copyrighted ©.