Եկեղեցւոյ Մշակութային Ժառանգութեան Քահանայապետական Խորհուրդը Կը Միանայ Քահանայապետական
Մշակոյթի Խորհուրդին։
Վատիկանի Օսսերվաթորէ Րոմանոյ օրաթերթի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Քահանայապետկան
Մշակոյթի Խորհուրդի Նախագահը, կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի յայտնած է թէ յառաջիկայ 3 նոյեմբերէն`
Մշակութային ժառանգութեան Քահանայապետական Խորհուրդը մաս պիտի կազմէ քահանայապետական
Մշակոյթի Խորհուդի մարմնին։ Այս որոշումը առնուած էր անեցալ 30 յուլիս 2012-ին Պենետիկտոս
ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ստորագրութիւնը կրող <<Հաւատոյ Գեղեցկութիւն>> - Motu Proprio-
ինքանակամ գրութեամբ։ Այս երկու մարմիններու միութեամբ Եկեղեցին աւելիով կ՛արժեւորէ
իր պատմական ու գեղարուստական մշակութային ժառանգութիւնը ու կ՛ընդլայնէ Մշակոյթի Քահանայապետական
Խորհուրդի ասպարէզը։ <<Ապահովելէ ետք եկեղեցւոյ մշակութային ժառանգութիւնը այժմ պիտի
աշխատինք անոր արժէքաւորումին համար նոր աւետարանութեան ի սպաս>> յայտարարած է Կարդինալ
Ռավազին։ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ուղեգիծին հետեւելով երջանկայիշատակ ՅՊԲ
Սրբազան Քահանայապետը ստեղծած էր մշակույթի 2 մարմիններ. արուստագիտութեան եւ մշակոյթի
աշխարհի հետ երկխօսութիւն հաստատելու նպատակով եւ ապահովելու համար քրիստոնեայ հաւատքէն
ծնունդ առած մշակութայինն ժառանգութիւնը ։ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդը ստեղծուած
է 20 մայիս1982-ին ու 11 տարիներ ետք սոյն խիրհուրդին մաս կազմեց նաեւ <<ոչ հաւատացեալներու
հետ երկխօսութեան խորհուրդը>> մինչ Եկեղեցւոյ Մշակութային ժառանգութեան Քահանայապետական
Խորհուրդը, միշտ ՅՊԲ որոշումով ստեղծուած էր 25 մարտ 1993-ին։