2012-10-22 13:27:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետի Գործունէութիւնը եւ Նոր Աւետարանութեան Սւնոհոդոսի Պատգամի Քննարկումը։


Երկուշաբթի 22 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին ապա ընդունեց Կարդինալ Ճուզեբբէ Պերթէլլօ Վատիկանի Քաղաքապետարանի Քահանայպետական Խորհուրդի Նախագահը։
Այս շաբաթներուն Սրբազան Հայրը ինք եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ Վատիկանի մէջ գումարուած <<Նոր Աւետարանութիւնը ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման>> նիւթով` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, որուն եզրափակիչ պատգամի նախագիծը, սիւնհոդոսական հայրերուն ներկայացուեցաւ, անցեալ շաբաթ 20 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստի ընթացքին։ Սիւնհոդոսի այս վերջին շաբաթուայ օրակարգը կը նախատեսէ առաջադրանքներու ներկայացումը ու անոնց քննարկումը ու ապա սիւնհոդսի եզրափակիչ պատգամի քուէարկումը ու ներկայացումը։
Անցեալ շաբաթ օրուայ ներկայացուած պատգամի նախագիծին մէջ եպիսկոպոսներու կոչը ուղղուած էր բոլոր քրիստոնեաներուն որպէսզի անոնք քաջութեամբ Աւետարանը տանին ամէնուրեք, յաղթահարելով վախը` հաւատքի զօրութեամբ։
<< Պարապ սափոր մը որ կենսատու անարատ ջուրին կը սպասէ>> - առժամեայ ներկայացուած պատգամը կը սկսի այս պատկերով։ Պատկեր մը որ կը վերյիշեցնէ Աստուծոյ հանդէպ ծարաւն ու կարօտը որ ներփակուած է ժամանակակից մարդու սրտին մէջ, եւ եկեղեցւոյ աւետարանիչ առաքելութեան մէջ ու անոր դէպի մարդոց հետ հանդիպելու պարտականութեան, այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս Բարի Սամարացի կնոջ հետ։
Պատգմաին վերջին քուէարկումն ու վերջնական ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ 26 հոկտեմբերին, բայց արդէն ի յայտ կու գայ թէ` եպիսկոպոսները մեծ յոյսով կը նային ապագային ու կը հրաւիրեն ամէնքը, աշխարհական թէ կրօնաւոր, որ շահագրգռուին աւետարանի հռչակման առաքելութեամբ։
Պատգամը կը հրաւիրէ եկեղեցական ու հասարակական բոլոր խաւերը` - եպիսկոպոսները, քահանաները, նուիրեալ անձինք, ընտանիքները, երիտասարդները, քաղաքական մարդիկ եւ շատ մը ուրիշներ, գործելու մարդկային յառաջացումի ու զարգացումի ի խնդիր։ Պատգամը կ՛ակնարկէ նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան, բարեսիրական գործունէութեան կարեւորութեան, դաստիարակութեան կարիքին եւ աւետարանացումի կարեւորութեան սկսեալ նոյնինքն եկեղեցւոյ անդամներէն։
Առժամեայ ներկայացուած պատգամը ապա ամէն մէկ ցամաքամասին կ՛ուղղէ նոր աւետարանութեան հայող յատուկ յորդորներ եւ կ՛եզրափակէ ըսելով թէ կարեւորագոյնը այն է որ ամէն քրիստոնեաները հաւատքի զօրութեամբ յաղթահարեն իրենց վախերը եւ քաջութեամբ աւետարանը տանին աշխարհի չորս կողմերը, որ թէեւ լի է անպատշաճութեամբ ու մարտահրաւէրներով ակայն կը մնայ միշտ <<Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.