2012-10-22 13:21:11

Յունաստանի Մէջ Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչներու Խորհրդակցական Հանդիպումին՝ Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը ։


Յունաստան- հոկտեմբեր 11-17, Գոս կղզիին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովի ուղղափառ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու նախապատրաստական խորհրդակցութիւնը:
Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 40 հոգեւորական եւ աշխարհական ժողովականներ: Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Սալբի Էսկիճեան:
Ժողովականները լիակատար նիստերու դասախօսութիւններով եւ խմբակներու հանդիպումներով քննարկեցին համաժողովին հետ կապուած կարեւոր հարցեր: Յայտնենք, թէ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 30 հոկտեմբերէն 9 նոյեմբեր 2013-ին` Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ:
Նշենք թէ 13 Հոկտեմբերին ժողովականները նաև աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Երուսաղէմի Հայոց Թորգոմ պատրիարքի հոգւոյն հանգիստին համար: Ժողովականները մասնակցեցան նաև Գոսի Սբ. Նիկողայոս տաճարի մէջ մատուցուած պատարագին, այցելեցին եկեղեցական ծուխեր և հանդիպումներ ունեցան հաւատացեալներու հետ:
Թորգոմ Պատրիարքի Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՝ունենայ (այսօր) 22 Հոկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.