2012-10-21 11:11:31

Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ Սուրբ Պետրոսի Մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գլխաւորեց Սրբադասման Արարողութիւնը։


Կիրակի 21 հոկտեմբերի աառւօտեան ժամը 9.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ 7 երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը։Ճագոմօ Պէրթիօ (1838 – 1896). Բիէթրօ Գալունկսոտ (1654 - 1672), Ճովաննի Պաթթիսթա Բիամարթա (1841-1913), Մարիա Գարմէն Սալէս Ի Պարանկէրաս (1848-1911), Մարիաննա Գոփէ (1838-1918), Գաթէրինա Թէքաքուիթա (1656-1680) եւ Աննա Սգաֆֆէր (1882-1925)։
Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին Սիւնհոդոսական հայրերը եւ վերոյիշեալ սուրբերու հետ կապ ունեցող եպիսկոպոսներ ու հեգեւոր հովիւներ։
Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

<<Մարդու Որդին չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու եւ իր կեանքը տալու բազմութեան համար (Մարկ. 10,45)>>

Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր, եկեղեցին այսօր եւս կ'ունկնդրէ Յիսուսի արտասանած այս խօսքերը երբ կ՛ուղղուէր Երուսաղէմ ուր պիտի իրականանար անոր չարչարանքի, մահուան եւ Յարութեան խորհուրդը։ Այս բառերուն մէջ ներփակուած է Յիսուսի առաքելութեան իմաստը, աշխարհի մէջ, որ յատկանշուած է Անոր ամբողջական նուիրումով։
Հոկտեմբերի այս երրորդ կիրակին, երբ կը նշուի միսիոնարական համաշխարհային օրը, եկեղեցին այս բառերը աւելի խոր կերպով կ՛ըմբռնէ ու կ՛իւրացնէ ամբողջութեամբ մարդու եւ Աւետարանի ծառայութեան նուիրուելու գիտակցութիւնը, Անոր նման որ ինքնզինքը զոհեց մինչեւ կեանքի նուիրումը։

Սրբազան Քահանայապետը արդ` ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն ու յատուկէն ողջունելով պատուիրակութիւնները ու նաեւ կարդինալական դասը ու սիւնհոդոսական հայրերը որ այս օրերուն վատիկանի մէջ կը մասնակցին Նոր Աւետարանութեան նիւթով գումարուած սիւնհոդոսին։

<<Մարդու Որդին չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու եւ իր կեանքը տալու բազմութեան համար (Մարկ. 10,45)>> այս խօսքերը կազմեցին կենցաղը` 7 երանելիներուն զոր այսօր հանդիսաւորպէս կը բարձրանան սուրբերու դասին։ Քաջութեամբ անոնք իրենց կեանքը ամբողջութեամբ նուիրեցին Աստուծոյ ու իրենց եղբայրակիցներուն։ Անոնք եկեղեցւոյ զաւակներն են, որ ընտրեցին Տիրոջ ծառայելու ճամբան։ Քրիստոսի այս եօթը աշակերտներու հաւատոյ դաւանանքը ու անոնց Մարդու Որդիին համակերպիլը այսօր համայն եկեղեցւոյ մէջ կը փայլի - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու ամէն մէկ սուրբի ծննդավայրի բարբառով­ մի առ մի նշեց սուրբերը ու անոնց օրինակելի կեանքն ու գործունէութիւնը։

Հուսկ խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր այս նոր սուրբերը որոնք, ծագումի, լեզուի, ազգի եւ ընկերային կեանքի մէջ տարբեր են իրարմէ, միացած են Աստուծոյ ժողովուրդի մէջ եւ Քրիստոսի, Փրկչին, փրկարար խորհուրդին մէջ։ Անոնց հետ միասին մենք եւս, Սիւնհոդոսական հայրերու հետ, որ Հռոմ ժամանած են աշխարհի զանազան վայրերէն, սաղմոսերգուին հետ միասին ըսենք <<Ան մեր օգնութիւնն է ու մեր ապաւէնը>>։ Թող այս նոր սուրբերու վկայութիւնը ու անոնց սիրոյ նուիրումը Քրիստոսի, խօսի այսօրուայ եկեղեցւոյ ու անոնց բարեխօսութիւնը ամրապնդէ եւ օժանդակէ եկեղեցւոյ առաքելութեան` Աւետարանը հռչակելու ամէնուրէք։








All the contents on this site are copyrighted ©.