2012-10-21 11:52:41

Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 21 հոկտեմբերի կէսօրին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ նախագահած Սրբադասման արարողութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, վերյիշեց Լուրտի Սրբավայրը ու սրբավայրին վրայ խուժած ջրհեղեղը։
Ան ապա Աստուածամօր բարեխօսութեան յանձնեց աշխարհի համայն միսիոնարները - կրօնաւոր կամ աշխարհական - որ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կը սերմանեն Աւետարանի Խօսքը։ Աղօթենք նաեւ - աւլեցուց Սրբազան Հայրը - Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին համար որ այս շաբաթներուն ընթացքին կը խորհրդածէ քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման ի սպաս նոր աւետարանութեան մարտահրաւէրներուն մասին՜։ Ան ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով սրբադասման արարողութեան առթիւ Հռոմ ժամանած պատուիրակութիւններուն եւ ուխտաւորներուն ու ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.