2012-10-20 13:16:15

Պէյրութի Էշրեֆիէի Սեսին Հրապարակին Վրայ Ահաւոր Պայթում Մը Կը Խլէ 8 Զոհեր Եւ Վիրաւորներ 80 ։ Ահաբեկչական Ականահարումին Զոհ՝ Գնդապետ-Զօրավար Ուիսամ Հասան.


Հոկտեմբեր 19ի յետմիջօրէին, ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ՝ խլելով առնուազն 8 զոհ եւ պատճառելով մօտաւորապէս 80 վիրաւորներ : Նեղ թաղամասի մը մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթումը նիւթական մեծ վնասներ պատճառեց:
Պայթումի Զոհերէն մէկն էր Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերու գաղտնի սպասարկութեան պետ՝ զօր. Ուիսեմ Հասանը, իսկ պայթումը տեղի ունեցած է թաղամասի մը մէջ, ուր կը գտնուէր Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնատեղին ու ընդդիմութեան «Մարտ 14» շարժումի մէկ գրասենեակը:
Տարիներէ ի վեր Լիբանանէն բացակայած տհաճ եւ անբաղձալի ձայնը երէկ կէսօրէ ետք լսուեցաւ Էշրեֆիէի մէջ` մեծ խախտում մը արձանագրելով Լիբանանը համակող ապահովական կայունութեան մէջ:
Պայթումէն չորս ժամ ետք միայն յստակ դարձաւ, թէ թիրախն էր ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանը:
Դէպքին վայրը փութացին լիբանանեան բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, հրշէջներու միաւորը եւ Կարմիր խաչը, որոնք աւելի քան 20 հիւանդատար ինքնաշարժներով եւ փրկարար աշխատանքներուն մասնակցող հարիւր կամաւորներով կրցան հիւանդանոց փոխադրել 110 վիրաւորներ:
Մարդկային վնասներուն կողքին, այս պայթումը պատճառած է նաեւ նիւթական վնասներ` կիսաքանդ վիճակի մէջ ձգելով 6 շէնքեր, քանդելով մեծ թիւով վաճառատուներ եւ 15-է աւելի ինքնաշարժներ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ ապահովութեան բոլոր ուժերը զօրաշարժի ենթարկուած են` բացայայտելու համար ոճրային այդ արարքին դրդապատճառները:
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս այցելեց դէպքին վայրը եւ խստիւ դատապարտեց պայթումը, ընդգծելով, որ Լիբանանը պէտք է ամրապնդէ իր ազգային միասնականութիւնը: Ան մաղթեց, որ այս դէպքը լիբանանցիներուն խիղճերը զգաստացնէ` Լիբանանին աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար:
Էշրեֆիէն թիրախ դարձնող եւ Ուիսամ Հասանը սպաննած պայթումը արժանացաւ նաեւ միջազգային դատապարտումի, որուն շրջագիծին մէջ Վատիկան խստիւ դատապարտեց դէպքը` զայն նկատելով լիբանանցիներուն դէմ գործուած բռնարարք:








All the contents on this site are copyrighted ©.