2012-10-20 12:56:24

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմը 100,000 Տոլար Փոխանցած Է Սուրիահայութեան։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդարանը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին 100,000 տոլար փոխանցած է սուրիահայութեան օժանդակութեան համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ հաստատուած յատուկ հաշիւին՝ զօրակցելով Սուրիոյ տագնապահար հայութեան օգնութեան հասնելու աշխատանքներուն:
Գումարը Արեւելեան թեմի ծուխերէն հաւաքուած է Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին: Սուրիահայութեան օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքին առումով, առաջնորդարանը կը գործակցի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան, Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄի ու ՀՅԴի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.