2012-10-19 12:40:48

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 19 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին Անտոնեան Համալսարանի Թատերասրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու <<Մայր Թերեզա` ողորմութեան Տիպար>> խորագրով լուսանկարի ցուցահանդէսը, Ողորմութեան Առաքեալներու հիմնադրուհի` Մայր Թերեզայի երանացման 9րդ տարեդարձին առթիւ։ Ցուցահանդէսը սարգաւորուած է Սուրբ Անտոն Պազիլիքայի գետնադամբարանի մէջ ու բաց պիտի մնայ հանրոութեան մինչեւ 4 նոյեմբեր։

Ուրբաթ 19 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը19.30-ին Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ տեղի կ՛ ունենայ արարողութիւն մը որուն ընթացքին Պազիլիքայի նահատաներու նուիրուած խորանին վրայ պիտի զետեղուին երեք Լեհ մարտիրոսներու մասունքը։ Արարողութիւնը կը նախագահէ Վարսավիայի Արքեպիսկոպոս` Գազմիմիէրզ Նիչ։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ մարտիրոսներու ընտանեկան պարագաներէն ոմանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.