2012-10-19 12:42:45

Ս. Աթոռի Առաքելական Բոլոր Դեսպաններու Հաւաքը Յառաջիկայ Յունիս 23ին.
Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կ'ընդգծէ դիւանագիտութեան հարկաւորութիւնը։


23 յունիս 2013-ին Վատիկանի առաքելական դեսպանները պիտի հաւաքուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին շուրջ։ Այս առաջին անգամն է որ նման ժողով մը կը գումարուի ներկայի Սրբազան Քահանայապետի օրով։ Արդարեւ Ս. Աթոռի բոլոր դեսպանները ու դիւանագիտութեան բոլոր ներկայացուցիչները Վատիկան կը ժողովին, յայտարարած է Ս. Աթոռի պետական քարտուղար' կարտինալ Պերթոնէն Սիւնոդոսական հայրերու առջեւ կատարած իր միջամտութեան ընթացքին խօսելով ''քահանայապետական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը'' նիւթին մասին։
Յայտնենք որ ներկայիս Ս. Աթոռը 179 պետութիւններու հետ դիւանագիտական կապեր հաստատած է, որոնց պէտք է աւելցնել Մալթայի կարգի իշխանապետութիւնը ու Եւրոպական հասարակութեան միութիւնը , ինչպէս նաեւ իւրայատուկ կապեր հաստատած է պաղեստինեան ազգային իշխանութիւններու հետ։ Նոյնպէս Ս. Աթոռը կը մասնակցի բազմաթիւ միջազգային ու միջկառավարական մարմիններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.