2012-10-19 11:58:03

Ռուսիա «Արաբական Գարնան» Յաջորդելիք «Արաբական Ամառ»-էն Կը Զգուշացնէ. «Սուրիական Ընդդիմութիւնը Քաղաքական Ուժ Մը Չէ, Որուն Հետ Կարելի Ըլլայ Բանակցիլ» Կ՛ըսէ Կրուշքօ:


Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը առայժմ չի կրնար քաղաքական ուժ մը ըլլալ, որուն հետ կարելի է բանակցիլ»` նշելով, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը անկարող է իր շարքերը միաւորել, որպէսզի վերածուի քաղաքական ուժի մը, որուն հետ կարելի ըլլայ բանակցիլ»:
Կրուշքօ արեւմտեան երկիրներուն կոչ ուղղեց` սուրիական ընդդիմութիւնը իշխանութեան հետ երկխօսութեան մղելու: Ան վերահաստատեց արտաքին միջամտութիւնները մերժող Մոսկուայի կեցուածքը` նշելով, որ «Սուրիոյ տագնապը սուրիացիներուն վերաբերող հարց մըն է»:
Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին իր կարգին պատուիրակութեան յայտնեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ զինուորական թեքնիք գործակցութեան ծիրին մէջ միջազգային պատժամիջոցներով արգիլուած որեւէ բան չի մատակարարեր»: «Սուրիա արտածուած ռուսական բոլոր զէնքերը ինքնապաշտպանութեան զէնքեր են, եւ նախ եւ առաջ հակաօդային զէնքեր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել, որ հակաօդային համակարգ մը քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ քաղաքային բնակչութեան դէմ կրնայ գործածուիլ: Չկայ առասպելագիր մը, որ կրնայ այդպիսի դիպաշար մը ստեղծել, որովհետեւ այդ մէկը անկարելի հարց է»:
Ռոկոզին նաեւ իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ կոչով. «Դադրեցուցէք «Արաբական Գարնան» աջակցութիւնը, որովհետեւ անոր աւարտը վատ է եւ «Արաբական Գարնան» պիտի յաջորդէ արաբական տաք ամառ մը, որ ոչ ոք գոհ պիտի ձգէ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի շաբաթ օր Դամասկոս պիտի այցելէ: Նախարարութիւնը նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ Ապահովութեան խորհուրդի կարգ մը երկիրներու ահաբեկչութեան աջակցութեան վերաբերեալ նամակներ ուղարկեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.