2012-10-19 10:13:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Եւ Նոր Աւետարանութեան Սիւնհոդոսի Աշխատանքները։


Ուրբաթ 19 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին մասնակցեցաւ Նոր Աւետարանութեան Սիւնհոդոսական նիստին որուն ընթացքին լեզուական խմբակները ներկայացուցին իրենց տեղեկագրութիւնները։ Սիւնհոդոսական աշխատանքները կը շարունակուին նաեւ յետ միռօրէի նիստերով որոնց ընթացքին տեղի կ՛ունենայ առաջադրանքներու պատրաստութիւնը որ երեկոյեան, լեզուական խմբակները, կը ներկայացնեն սիւնհոդոսի քարտուղարութեան որ զանոնք համադրելէ ետք կը պատրաստէ աւարտական պատգամը որուն նախագիծը կը ներկայացուի շաբաթ 20 հոկտեմբերի առաւօտեան, 18րդ նիստի ընթացքին։
Երեկոյեան` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Եիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ` Կարդինալ Մարք Ուելլէն որուն հետ խորհրդակցեցաւ զանազան նիւթերու շուրջ ներառեալ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.