2012-10-18 13:17:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Պատգամը Սննդառութեան Համաշխարհային Օրուայ Առթիւ։


Սննդառութեան համաշխարհային օր - Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նեցուկ կը կանգնի երկրագործական համագործակցութիւններուն։

Սննդառութեան համաշխարհային 34-րդ օրուան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ողջունեց երկրագործական համագործակցութիւններուն դերն ու սատարը պայքարելու աշխարհի անօթութեան դէմ։

Արդարեւ ՄԱԿի տնօրէն Խոսէ տա Սիլվայի ուղղած պատգամին մէջ կը մատնանշուի որ համաշխարհային տագնապին առաջին զոհերն են չգաւորութեան մէջ ապրողները ու թերաճ երկիրներու բնակիչները։

Իւրացնելով ֆաօյի 2012-ի բնաբանը ''երկրագործական համագործակցութիւնները աշխարհը կը սնուցանեն'' Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ որ այդ համագործակցութիւնները չնկատուին որպէս տնտեսական ու ընկերային կազմակերպութիւններ այլ ճանչցուին որպէս ճշմարիտ միջոց մը միջազգային ներգործութեան։ Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով երկրագործական համագործակցութիւնները պէտք են դառնալ ազդու միջոցներ, քանակով ու որակով արտադրութեան` մարդկային կեանքի բարւոգումին ի խնդիր։
Սննդառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, Միացեալ Ազգերը կը յայտնեն որ ներկայիս անօթիներու թիւը աշխարհի մէջ, շուրջ 870 միլիոն է, այս թիւը երթալով կ'աճի եւ հաւանական է որ ապասնդառութենէն տառապողներու թիւը գերազանցէ մէկ ու կէս միլիառը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.