2012-10-18 12:33:18

Միացեալ Նահանգներ։ Հոգեւոր Մշակութային Համերգ Կլենտէյլի Մէջ։


Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին, նախաձեռնութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան, հոգեւոր մշակութային համերգ մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «First Baptist» եկեղեցւոյ (209 N. Louise St.) մէջ, երեկոյեան ժամը 5ին: Ձեռնարկը կը վայելէ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եկեղեցւոյ երգչախումբի նախկին եւ ներկայի մենակատարներ, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Կամերային նուագախումբի եւ ղեկավարութեամբ հանրայայտ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի::








All the contents on this site are copyrighted ©.