2012-10-18 12:10:27

Մատենադարանը Կը Համագործակցի Հռոմի Արխիւային Ժառանգութեան Հիմնարկին Հետ.


Հռոմի Արխիւային եւ Գրքային ժառանգութեան վերականգնման ու պահպանման կեդրոնական հիմնարկի տնօրէն Մարիա Քրիստինա Միզիտիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 10-12 Հոկտեմբերին այցելած է Երեւան: Այցելութիւնը կազմակերպած եւ անոր նախաձեռնած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, այցելութեան ծիրին մէջ քննարկուած են Հռոմի Արխիւային եւ գրքային ժառանգութեան վերականգնման ու պահպանման կեդրոնական հիմնարկին եւ Մատենադարանին միջեւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնը, ստորագրուած է երկու հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութեան արձանագրութիւն:

Այս համաձայնութեամբ կը նախատեսուի համագործակցութիւն ծաւալել ձեռագիրներու պահպանման եւ վերականգնման բնագաւառին մէջ, մասնագէտներու փոխայցելութիւններ կազմակերպել, Արխիւային եւ գրքային ժառանգութեան վերականգնման ու պահպանման կեդրոնական հիմնարկին կողմէ կազմակերպուող հնգամեայ վկայեալ դասընթացքին Հայաստանէն ուսանող ներառել:
Հայաստան գտնուող պատուիրակութիւնը մասնակցած է նաեւ Մատենադարանին մէջ կայացած «Յիշողութեան կերպարանքները. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանումն ու վերականգնումը. ձեռագիր ֆոնտեր» 2րդ միջազգային սեմինարին՝ ներկայացնելով ելոյթներ Արխիւային եւ գրքային ժառանգութեան վերականգնման ու պահպանման կեդրոնական հիմնարկին կողմէ ծաւալող գործունէութեան եւ այդ հաստատութեան գիտահետազօտական կարելիութիւններուն մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.