2012-10-18 12:29:38

՜՜Սուրբ Աթոռի Պատուիրակութեան Սուրիա Այցի Լուրը Մեծ Յոյս Կը Ներշնչէ Բնակիչներուն՝՝


Ըսած է Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդը։
՜՜՜Նոր Աւետարանութեան՝՝ մասին Վատիկան Գումարուող Սիւնոդոսին ընթացքին, սիւնոդոսական հայրերը առաջարկեցին գործօն աջակցութիւն բերել Սուրիոյ ժողովուրդին։
Ընդառաջելով անոնց խնդրանքին, Ս. Աթոռի պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ շաբաթ, Դամասկոս պիտի մեկնի գլխաւորութեամբ՝ Քինշասայի առաջնորդ կարտինալ Բազինիային։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, կարտինալ Տոլան առաջնորդը Նի Եորքի, ու գերապայծառ Մամպերթի՝ Ս. Աթոռի արտգործ նախարարը։
Այս առթիւ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան ՜՜ֆիտէս՝՝ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է թէ՝ այս լուրը ՜՜ մեծ յոյս ներշնչեց Սուրիացիներուն՝՝ աւելցնելով՝ ՜՜կը մաղթենք բոլորս, որ պատուիրակութեան այցելութիւնը ունենայ որպէս առաքելութիւն ՜՜խաղաղութիւն բերել՝՝ շրջանին, եւ ըլլայ բարեպատեհ առիթ մը որպէսզի դադրին բռնութիւնները։
Գերապայծառը նաեւ նշեց թէ սուրիացիք երկար տարիներ, (այս ընդհարումներէն առաջ) միասին խաղաղ կ՝ապրէին, փոխադարձ յարգանք ունէին մէկը միւսին կրօնքին ու դաւանանքին հանդէպ։
Յոյսով կը սպասենք Հռոմէն եկող կարտինալներն ու եպիսկոպոսները (ըսած է Գերապայծառը) որպէսզի խաղաղութիւն բերեն Սուրիոյ եւ մեզի բոլորիս...








All the contents on this site are copyrighted ©.