2012-10-18 12:18:59

«Սուրիա Կը Յուսայ, Որ Իպրահիմիի Շրջապտոյտը Խաղաղութեան Առիթները Ամրապնդէ» Կ՛ըսէ Ժիհատ Մաքտիսի.


Սուրիա յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ կատարած քննարկումները քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալու համար «շինիչ նախաձեռնութեան մը» առիթ ընծայեն, սակայն դարձեալ շեշտեց, որ տագնապի երկու կողմերն ալ պէտք է գոյանալիք խաղաղութեան ծրագիրը յարգեն:
ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտնած է, որ սուրիական կողմը կը սպասէ Իպրահիմիի այցելութեան արդիւնքները լսելու. այցելութիւն այնպիսի երկիրներ, որոնք «զինեալ խմբաւորումներուն վրայ բացայայտ ազդեցութիւն ունին»` յոյս յայտնելով, որ Իպրահիմի «իրեն հետ այդ երկիրներէն կը բերէ որեւէ շինիչ նախաձեռնութեան յաջողութեան առաջնորդող բան մը»:
Մաքտիսի ըսաւ, որ Սուրիա նախապէս արաբական եւ միջազգային նախաձեռնութեանց նկատմամբ յանձնառութիւն յայտնած էր, իսկ զանոնք ձախողութեան մատնողը զինեալ խմբաւորումներն ու անոնց վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներն էին: Ան նշեց, որ որեւէ նախաձեռնութիւն, ինչ տեսակի ալ ըլլայ, յաջողելու համար կողմերուն անոր նկատմամբ յանձնառութեան կը կարօտի:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ հանդիպումը սուրիական թղթածրարին վրայ կեդրոնացած է իրենց երկու երկիրներէն, Եգիպտոսէն եւ Սէուտական Արաբիայէն կազմուած քառանդամ յանձնախումբի աշխատանքին ծիրին մէջ: Ան նշեց, որ «երկու կողմերը զինադուլի հաստատման աջակցութեան կարեւորութեան շուրջ համաձայնեցան»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ «Չինաստան կը յուսայ, որ Սուրիոյ մէջ առնչակից կողմերը երկրին ու անոր ժողովուրդին նկատմամբ պատասխանատու վարուելակերպ որդեգրեն»` յոյս յայտնելով, որ «Սուրիոյ մէջ կողմերը առիթը օգտագործեն սուրիացի ժողովուրդի ղեկավարութեամբ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի մը սկսելու պայմանները ստեղծելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.