2012-10-17 14:00:36

Սուրիահայութեան Օժանդակութիւնը Շարունակական Պիտի Ըլլայ.


«Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ այս պահուն եւս աշխատիլ եւ արդէն կը նախապատրաստէ Սուրիոյ հայերուն ուղարկուելիք մարդասիրական օգնութեան երկրորդ խմբաքանակը:
Նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան «Երկիրն Այսօր»-ին տեղեկացուց, որ մեր հայրենակիցները կը շարունակեն արձագանգել, եւ արդէն օգնութեան առաջարկներ կան Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանէն, «ՀայՌուսգազարդ» ընկերութենէն, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամէն եւ այլ անհատներէ ու կազմակերպութիւններէ:
«Եթէ յառաջիկային իրավիճակը չհանդարտի եւ չլուծուի, պէտք է շարունակենք օգնութիւն ցուցաբերել մեր համայնքին, որուն կարիքը այսօր անոնք շատ ունին», ըսաւ Լիլիթ Գալստեան:
Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ «Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնութեան մարդասիրական օգնութիւնը արդէն Հալէպ կը գտնուի. ատիկա օգտակար կը դառնայ բոլոր կարիքաւորներուն: Ան խօսեցաւ հոն հասած մարդասիրական օգնութեան բաշխման սկզբունքներուն եւ արդէն իսկ սկսած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Ըստ Ժ. Ռէյիսեանի, քանի որ նախանցեալ օր երեկոյեան օդանաւը բեռնաթափուած էր Հալէպի միջազգային օդակայանին մէջ, Հալէպի մէջ ձեւաւորուած միջմիութենական, միջհամայնքային շտապօգնութեան մարմնի կամաւորները օդակայան գացին երէկ, որպէսզի օժանդակութիւնը փոխադրեն քաղաք, որմէ ետք, բնականաբար, պիտի սկսին բաշխման հոլովոյթին: Ըստ անոր, տակաւին կանուխ է խօսելու այն մասին, որ հասած օժանդակութիւնը բաւարա՞ր է, թէ՞ ոչ, որովհետեւ շտապօգնութեան մարմինի տղաները բաշխման հոլովոյթը տակաւին չեն սկսած, բեռը պիտի փոխադրուի քաղաք, եւ անոնք պիտի հասկնան` ինչպէս բաշխել:
«Այն մարդոց, որոնք կարիքաւոր են, օժանդակութեան պէտք ունին` ըլլան հայ եւ, ինչու չէ, եթէ կան ծանր կարիքի մէջ գտնուող սուրիացիներ, անպայման օգնութիւն պիտի ցուցաբերուի: Շտապ օգնութեան մարմինի տղաները օգտակար պիտի ըլլան բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք նեղ վիճակի մէջ կը գտնուին: Վստահաբար, օգնութիւնը պիտի բաշխուի բոլոր սուրիահայերուն: Դեռ թող տղաքը եկած օժանդակութիւնը ապահով փոխադրեն քաղաք, որմէ ետք պարզ պիտի դառնայ», մանրամասնեց Ժիրայր Ռէյիսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.