2012-10-17 13:56:49

Նոր Աւետարանացման Սիւնհոդոսի Երկրորդ Շաբաթը՝
՜՜Կոչումներու Համաշխարհային Շաբաթ՝՝- Վատիկան


Վատիկանի մէջ կայացած Տիեզերական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ԺԳ. սիւնհոդոսի երկրորդ շաբաթը, որ սկսաւ կիրակի 14 հոկտեմբերին, կը համապատասխանէ կոչումներու համաշխարհային շաբթուան, որ կը յարմարի սիւնհոդոսի թեմային հետ՝ «Նոր Աւետարանացումը՝ հաւատքի փոխանցման համար»։
Կիրակի 21 հոկտեմբերին, կոչումներու կիրակին, Սրբազան Քահանայապետը, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ պիտի նախագահէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, որուն ընթացքին, հաւատոյ տարուայ առթիւ, սրբադասման արարողութեան ընթացքին, խորաններու պատւոյն պիտի բարձրացնէ 7 երանելիներ. Ճագոմօ Պէրթիօ (1838 – 1896). Բիէթրօ Գալունկսոտ (1654 - 1672), Ճովաննի Պաթթիսթա Բիամարթա (1841-1913), Մարիա Գարմէն Սալէս Ի Պարանկէրաս (1848-1911), Մարիաննա Գոփէ (1838-1918), Գաթէրինա Թէքաքուիթա (1656-1680) եւ Աննա Սգաֆֆէր (1882-1925)։

«Նոր Աւետարանացում» խորագրով սիւնհոդոսի աշխատանքներուն այս երկրորդ շաբաթը կ՛ ընդգրկէ 8 ընդհանուր նիստեր, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան սիւնհոդոսական հայրերու եւ հիւր ունկնդիրներու միջամտութիւններ, անոնց շարքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող կաթողիկոսարանի Միջ-Եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխվարիչ Մասիս վրդ. Զօպույեանի ելոյթը որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 16 հոկտեմբերի յետ միջօրէին։
Մասիս վարդապետ ժողովականներուն փոխանցեց Արամ Ա-ի պատգամը որուն մէջ Վեհափառը կը յայտնէ թէ՝ վերաւետարանացումը միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ չի հայիր այլ՝ անիկա համա-քրիստոնէական առաջնահերթութիւն մըն է ու համամիութենական հրամայական։ Արդ, Վեհափառը կը հաստատէ թէ՝ որեւէ պարագայի մէջ, եկեղեցին չի կրնար հրաժարիլ Աստուծմէ իրենց տրուած առաքելութենէն։Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. մաղթանք կը յայտնէ որ սիւնհոդոսական հայրերը կարենան յաղթահարել աւետարանութեան մարտահրաւէրները, այս դժուար ժամանակներու մէջ, հաապատասխանելով հաւատացեալներու կարիքներուն։

Չորեքշաբթի 17 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստի ընթացքին, կը շարունակուին քոյր եկեղեցիներու պատգամաւորներու միջմտութիւնները. իսկ յետ յետմիջօրէին, 16րդ նիստին ընթացքին, ընդհանուր զեկուցող` Ուաշինկթընի Արքեպիսկոպոս՝ Տոնալտ Ուիլլիամ Վուրլ, կը ներկայացնէ «բանավէճէն ետք տեղեկագիր»ը որմէ ետք տեղի կ՛ ունենան քննարկման զեկոյցներ ի պատրաստութիւն սիւնհոդոսի‎ աւարտական պատգամին։
Յառաջիկայ նիստերուն նախատեսուած է առաջադրանքներու պատրաստութիւնը որոնք պիտի ներկայացուին Սրբազան Քահանայապետին եւ որուն հիման վրայ կը պատրաստուի սիւնհոդոսական յորդորագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.