2012-10-16 12:47:31

Սրբազան Քահանայապետին Հանդիպումը Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներուն Հետ


Երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին ( 2012), առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու պատուիրակութիւն մը, որոնք եկած էին շնորհակալութիւն յայտնելու Սրբազան Հօր, Լիբանան կատարած իր բարեդէպ այցելութեան եւ Միջին Արեւելքի յատուկ Առաքելական Յորդորի ստորագրութեան ու հռչակումին համար անցեալ սեպտեմբերին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը,
Հանդիպումին, Սրբազան Քահանայապետը իր մեծ ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանան կատարած այցելութեան համար, բարձր գնահատելով լիբանանցիներու եռանդն ու կորովը, հակառակ անոնց ապրած դժուար պայմաններուն, մանաւանդ վերյիշելով իր հանդիպումը երիտասարդներուն հետ Պքերքէի մէջ, յայտնելով որ երիտասարները Լիբանանի ապագան են։
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին եւ անոր փոխանցեց լիբանանցի ժողովուրդի մեծ սէրն ու սպասումները։ Ինչպէս նաեւ, մարոնի պատրիարքը նշեց, որ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց յաջորդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ դեկտեմբերին, յատուկօրէն պիտի քննարկէ եւ ուսումնասիրէ Արեւելքի համար յատկացուած Առաքելական Յորդորի գործադրումը, խնդրելով Սրբազան Հօր աղօթքն ու օրհնութիւնը համաժողովին յաջողութեան համար։
















All the contents on this site are copyrighted ©.