2012-10-16 13:30:52

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ Թորգոմ Պատրիարքի Վերջին Օծման Եւ Թաղման Կարգին.


Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2012-ին վախճանեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանը:
93 տարիներ բոլորած հանգուցեալ պատրիարքը աւելի քան վաթսուն տարիներ նուիրումով ծառայած է հայ եկեղեցւոյ: Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ ան եղած է «Սիոն» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ, վարած Ճեմարանի փոխտեսուչի եւ ապա` տեսուչի պաշտօն: 1946-էն մինչեւ իր պատրիարքական ընտրութիւնը, քանի մը տարիներու ընդհատումով միայն, Թորգոմ արքեպիսկոպոս եղած է Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջանները, ուր հետեւած է աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման եւ ծառայած իբրեւ առաջնորդ Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն: 1994-ին Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Թորգոմ Սրբազան կ՛ընտրուի կաթողիկոսական տեղապահ:
Յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ծառայութեան շրջանին, Թորգոմ արք. Մանուկեան ստացած է ակադեմական պարգեւներ, ինչպէս նաեւ պատուոյ շքանշաններ: Ան գործօն մասնակցութիւն բերած է նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ծիրին մէջ: Հեղինակ է շուրջ քսան հատորներու` գրական-գեղարուեստական, երաժշտական եւ կրօնագիտական բովանդակութեամբ:
Հանգուցեալ Թորգոմ պատրիարքի վերջին օծման ու թաղման կարգին յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեան: Իսկ յառաջիկայ կիրակի, յաւարտ սուրբ պատարագին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններ պիտի կատարուին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.