2012-10-16 12:54:10

Իտալիոյ Մէջ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յիշատակելու Օր Դարձնելու Ջանքեր.


Հայաստան այցելող (12 Հոկտեմբերին) Իտալիոյ Ծերակոյտի եւ Խորհրդարանի Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակի անդամները հանդիպում մը ունեցած են ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:
Իտալիոյ Ծերակոյտին եւ Խորհրդարանին մէջ գործող հիմնական խմբակցութիւններէն ներկայացուցիչներ ունեցող սոյն խմբակի ղեկավար Սանտրա Ծամփա բարձր գնահատած է հայ ժողովուրդի ներդրումը եւրոպական եւ մասնաւորապէս՝ իտալական մշակոյթի, գիտութեան, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: «Այժմ Եւրոպան պէտք է վերադարձնէ ձեզի այն, ինչ դուք երկար տարիներ ներդրած էք Եւրոպայի մէջ, եւ պէտք է նեցուկ կանգնի ձեր պետութեան կայացման», նշած է ան:
Ծամփա աւելցուցած է, թէ Իտալիոյ Խորհրդարանին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է օրինագիծ մը, որ կը պահանջէ Ապրիլ 24ը Իտալիոյ մէջ պետականօրէն համարել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու յիշատակի օր:
Յիշեցնենք, թէ իտալացի պատգամաւորները վերջերս ձախողութեան մատնած էին Իտալիոյ Խորհրդարանին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ատրպէյճանի տեսակէտները արտայայտող եւ խիստ միակողմանի բնոյթ կրող բանաձեւը:








All the contents on this site are copyrighted ©.