2012-10-16 13:40:46

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոս - 11րդ եւ 12րդ Նիստեր։
Արեւելքի քրիստոնեաները թող փոքրամասնութիւն չնկատուին այլ ըլլան աւետարանացումի թթխմոր։


Աշխարհականներու կազմաւորումը, ընտանիքներու աջակցութիւնն ու համամիութենական եւ միջկրօնական երկխօսութեան զարգացումը որպէս նոր աւետարանութեան <<գործիքները կամ միջոցներ>>։ Ասոնք եղան վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի 11րդ նիստի ընթացքին արծարծուած նիւթերը որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 15 հոկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ։
Սիւնհոդոսական հայրերը նիստի ընթացքին խաղաղութեան ի սպաս կոչ մը ուղղեցին Մալիի համար ներկայացնելով Մալիի ապրած մտատանջութեան պահերն ու քաղաքական եւ ընկերային դժուարութիւնները ու նաեւ եկեղեցւոյ աւետարանութեան առաքելութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Ասոր համար եպիսկոպոսները խաղաղութեան կոչ ուղղեցին ու յորդորեցին դիմել երկխօսութեան։
Մալիէն անդին սակայն եւրոպայի պատմութիւնն ալ մութ էջեր կ՛ապրի։ Աստուած միայն անտեսուած չէ այլ շատ անգամ անծանօթ մըն է շատերուն։ Նոր աւետարանութիւնը ուստի կրնայ դիմել երեք միջոցներու. Աշխարհականներու կազմաւորում. Ընտանիքներու աջակցութիւն որպէս ընկերութեան հիմնական կառոյց եւ համամիութենական ու միջկրօնական երկխօսութեան զարգացում։ Այս նիւթերու առընթեր ժողովականները խորհրդածեցին նաեւ Սուրբ վայրերու կատարուած ուխտագնացութիւններու մասին որոնք կը ներկայանան որպէս աւետարանացումի եւ հաւատքի վերանորոգոումի առիթներ։

Առաւօտեան նիստի աւարտին Սիւնհոդոսի քարտուղարը յայտնեց թէ սիւնհոդոսկան հայրերուն համար պատրաստուած` <<եւրոպայի զանգակները>> վերտարութեամբ տեսաերիզը պիտի հեռարձակուի երեկոյեան։ Տեսաերիզը մէջ ներակայացուած է եւրոպայի իրողութիւնը բարձր անձնաւորութիւններու միջամտութիւններով որոնց շարքին է նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ-ը։

Երկուշաբթի 15 հոկետմբերի յետ միջօրէի նիստերը կեդրոնացան Սուրբերու առաջնակարգ դերին` որպէս արդի աւետարանութեան օրինակ ու վկաներ։ <<Սուրբերը յարակից են կեանքի ու հաւատքի եւ իրենց յարակցութիւնը Նոր աւետարանութեան բանալին է>> հաստատեցին եպիսկոպոսները ընգծելով որ <<որեւէ մշակոյթ կարելի է աւետարանել որովհետեւ Սուրբերու սէրը հասկնալի է բոլորին։ Նոր աւետարանութեան համար կարիքը կայ նոր աւետարանիչներու որ հաստատ հաւատք ունենան եւ ըլլան Տիրոջ սիրահարներ։ ԳոՐծնականի մէջ քրիստոնէութիւնը ապրելու ոչ թէ աւանդութեամբ այլ համոզումով։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը ի վերջոյ նայուածքը ուղղեց Արեւելեան եկեղեցիներուն որպէս նոր աւետարանութեան գործողնր. որոնք դժուար կացութիւն մը կ՛ապրին հալածանքներու, քրիստոնեաերու գաղթականութեան եւ կրօնի ազատութեան սահմանումի հետեւանքով եւ որոնք իրենց նահատակութեամբ դարձան աւետարանութեան տիպարներ։ Արեւելքի քրիստոնեաները թող փոքրամասնութիւն չնկատուին այլ ըլլան աւետարանացումի թթխմոր յանձնարարեցին սիւնհոդոսական հայրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.