2012-10-16 14:17:39

Աշխարհի մէջ Կրօնական Ազատութեան 9րդ Տեղեկագիրի Ներկայացում։


Տանջուող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Կաթողիկէ միջազգային կազմակերպութիւնը, երեքշաբթի 16 հոկտեմբերին, ներակայցուց 2012 տարուայ <<Աշխարհի մէջ կրօնական Ազատութեան>> իրողութեան մասին 9րդ տեղեկագիրը։
Հոն ուր կրօնի ազատութիւնը յարգուած է յարգուած են նաեւ մարդու հիմնական իրաւունքները - կը հաստատէ Տանջուող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն կազմակերպութիւնը իր հրատարակած յաղորդագրութեան մէջ։
Կրօնական Ազատութեան տեղեկագիրին մէջ ներկայացուած է կրօնի ազատութեան իրավիճակը աշխարհի մէջ սկսեալ Զուիցերիայէն, անցնելով Թունիզ, Փաքիստան եւ Պահրէյն։
Թէեւ շատ մը երկիրներու սահմանադրական օրէնքները նախատեսած են կրօնի ազատութիւնը սակայն գործնականին մէջ Աշխարհի երկիրներու միայն մէկ քառորդը կը յարգէ կրօնի ազատութիւնը։
Սաուտի Արապիան, Փաքիստանը եւ Իրանը ազատութիւնը չյարգող երկիրներու ցանկի առաջիններն են։ Ըստ տեղեկագիրի տուեալներուն կրօնի ազատութիւնը ընդհանրապէս նուազ յարգուած է միջին արեւելքի, հիւսիսային ափրիկէի եւ Ասիական երկիրներու մէջ։
Տեղեկագիրը պաշտօնական ներկայացումը տեղի ունեցաւ 16 հոկտեմբերին Հռոմի օտար լրագիրներու ընկերակցութեան կեդրոնի մէջ իսկ 17 հոկտեմբերին տեղեկագիրը կը ներկայացուի Զուիցերիոյ Լուսէրն քաղաքի համալասարանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.