2012-10-16 13:22:03

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Ցաւակցական Գիրը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Ի Լուր Տ Թորգոմ Արք Մանուկեանի Մահուան։


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Ցաւակցագրին մէջ կը կարդանք
Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին.
Սիրեցեալ Եղբայր ի Քրիստոս

Խոր յուզում պատճառեց Մեզի Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Բ. Արքեպ. Մանուկեանի վախճանման գոյժը։ Երջանկայիշատակ Պատրիարքին վախճանումը ծանր կորուստ է Հայ Եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ Ան իր հոգեւոր, մտաւորական եւ գրական ստեղծագործական վաստակով, ինչպէս նաեւ միջազգային միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացման ի խնդիր ծաւալած գործունէութեամբ՝ քրիստոնեայ աշխարհին սիրոյն, գնահատանքին ու յարգանքին արժանի հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է։
Տխուր այս առիթով, խորապէս յուզուած, կը բաժնենք Ձեր՝ սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին վիշտը, աղօթելով որ Տէրը հոգիի խաղաղութիւն պարգեւէ Հայ Եկեղեցւոյ վաստակաշատ սպասաւորին եւ զինք ընդունի իր Արքայութեան մէջ։
Աստուծմէ հայցելով սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը երջանկայիշատակ Պատրիարքի հոգեւոր ընտանիքի անդամներուն, Անոր հարազատներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, կ‏՛աղօթենք որպէսզի Տիրոջ հովանին անպակաս ըլլայ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքական աթոռին եւ Անոր զինուորեալ միաբանութեան վրայէն։
Եղբայրական սիրով՝
† ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց







All the contents on this site are copyrighted ©.