2012-10-16 14:48:47

6 Հոկտեմբեր 1978-ին Ս. Պետրոսի Աթոռին Վրայ Կը Բարձրանար Գրաքովիայի Առաջնորդը` Գարոլ Ոյթիվան` Աստուծոյ Մարդը Ու Հաւատքի Տիտանը։


Կարդինալ Սդանիսլավ Ճիվիչ ոգեկոչելով Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ընտրութեան օրը (16 հոկտեմբեր 1978) Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց <<Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին բոլոր կեանքը եղաւ պատրաստութիւն մը այս եզակի ու դժուարին առաքելութեան։ Ան ապրեցաւ նացիական ու համայնավարութեան տիրապետութիւններու դժուար տարիները։ Լեհաստանի մէջ Անոր առաքելութիւնը հիմնուած էր աղօթքին վրայ։ Աղօթքը անոր կեանքին առանցքը հանդիսացած էր։ Առաջնորդարանի մատրան մէջ, Յիսուսի ներկայութեամբ կը պատրաստէր իր ճառերն ու քարոզները։ Յիսուսի հետ սերտ մտերմութիւն հաստատած էր որուն շնորհիւ ապրեցաւ ներքին խաղաղութեան ու անդորրութեան մէջ եւ քաջութեամբ դիմագրաւեց իր կեանքին մեծագոյն մարտահրաւէրները։
Վատիկանի մէջ շուտով ինքզինք զգաց որպէս թէ իր տան մէջ ըլլար։ Միշտ հպարտ մնաց իր լեհական փորձառութեամբ, մշակոյթով ու պատմութեամբ։ Շնորհիւ իր մտաւորական ու իմաստասիրական ամուր կազմաւորումին ու լեզուներու ճանաչումին, միշտ բաց եղած է ներկայ աշխարհի հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն ու դիմագրաւած ժամանակի բարեպատեհութիւններն ու վտանգները։
Բազամթիւ անհատներ գոց սորված են անոր գահակալութեան ճառը, ուր բացակոչած էր. ''Մի վախնաք, Քրիստոսին առջեւ լայն բացէք ձեր դռները ... Միմիայն Աստուծոյ մէջ, Քրիստոսի մէջ` մարդը կը ճանչնայ իր կեանքին, տառապանգին, ուրախութեան ու մահուան իմաստն ու նշանակութիւնը եւ իրականացումը իր յոյսերուն։
Կարդինալ Ճիվիչ դիտել տուաւ որ Յովհաննէս Պօղոս Բ իր քահանայապետութեան բոլոր տարիներուն յաճախ խօսած է նոր աւետարանութեան մասին, որովհետեւ ան եղած է մեծ աւետարանիչ մը։ Ներկայ աշխարհը կարիքը ունի հաւատքի ճշմարիտ վկաներուն։ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը եղաւ ճշմարիտ հաւատքի վկայ մը եւ բարի հովիւ մը։ Անոր փափաքն էր որ ամէն մարդ հասնի Քրիստոսի ճշմարտութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.