2012-10-15 12:39:49

Սիւնոդասական Հայրերու Հրաւէրը Լաւագոյն Կերպով Գործածելու Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցները, Օգնելու՝ Այսօրուան Մարդը Հանդիպում Ունենալու Քրիստոսի Հետ ։


Նոր աւետարանութեան մասին Վատիկանի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի մասնակցող բազմաթիւ հայրապետներ իրենց կատարած միջամտութիւններուն ընթացքին ընդգծեցին հաղորդակցութեան ընկերային միջոցներու դերը Աւետարանութեան ծաւալումին։ Այդ միջոցները պէտք է օգնեն ներկայ մարդը ճանչնալու Քրիստոսը ու ապրելու Անոր ճշմարտութիւնը, այսպէս յայտարարած է Մինսքի առաջնորդը գերապայծառ Գոնտրովիչ, որուն համոզումով հաղորդակցութեան ընկերային միջոցները պէտք են դառնալ ''յոյսի ճրագ'' կերտելու համար ապագայ մը, հիմնուած՝ մարդու արժանաւորութեան վրայ։ Հաղորդակցութեան միջոցները Եկեղեցւոյ օգնութեան պէտք է հասնին որպէսզի ան լաւագոյնը կատարէ իր աւետարանական առաքելութիւնը։ Մենք կը գտնուինք ժամանակի մը մէջ ուր ոչ միայն կանչուած ենք կնքելու դարձի եկողները այլ եւ դարձի բերելու կնքուածները։
Ս. Օգոստինոսի միաբանութեան աբբահայր Բրեվոյի գնահատումով ներկայ արեւմուտքը ու համայն աշխարհը դրսեւորուած է մասնաւորապէս հաղորդակցութեան միջոցներով եւ յատկապէս հեռուստատեսիլէն ու կինոյէն։ Ան ցաւով դիտել տուաւ որ արեւմտեան մամուլը կ'արտայայտուի քրիստոնէութեան դէմ եւ որոշ համակրանքով կ'արտայայտուի բոլոր այն հաւատալիքներուն որոնք հակառակ են Աւետարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.