2012-10-15 13:21:36

Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու Կրօնի Ազատութեան 2012-ի Տեղեկագիրը


Երեքշաբթի 16 հոկտեմբերի առաւօտեան, Հռոմի օտար լրագիրներու ընկերակցութեան կեդրոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար Կրօնի Ազատութեան 2012-ի տեղեկագիրը։ Մամլոյ ասուլիսը կազմակերպուած է Տանջուող Եկեղեցիի Օգնութիւն կազմակերպութեան կողմէ։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Իտալիոյ արտգործ Նախարար Ճուլիօ Թերձի, Յիսուսեան Միաբան, աստուածաբանութեան եւ իսլամաբանութեան դասատու Հայր Սամիր Խալիլ Սամիրը, Տանջուող Եկեղեցիի Օգնութիւն կազմակերպութեան Ափրիկեան ցամաքամասի պատասխանատու Քրիստին Տիւ Գուտրէյ Ուիհէ եւ Հդնկաստանի Քրիստոնեայ Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ժոն Տայալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.