2012-10-15 12:55:05

Կրօնական Զբօսաշրջութեան և Ուխտի Աճման Միութիւն


«Կրօնական Զբօսաշրջութեան և Ուխտի աճման Միութիւն»ը հաստատուած է Լիբանանի Պատրիարքներու Խորհուրդի կողմէ: Անոր նպատակը կրնանք հասկնալ իր վերնագրէն: Լիբանանի 21 սրբավայրերու ներկայացուցիչ՝ կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ, արդէն 7 տարիէ ի վեր ժողովներ կը գումարեն այս սրբատեղիներէն մէկուն մէջ: 12/10/2012-ին, 30-րդ ժողովը կայացաւ Քֆիֆանի ուխտավայրին մէջ: Ընդհանրապէս Զմմառի Վանքի Ընդհանուր քարտուղարը կը մասնակցի սոյն ժողովներուն:
Միութեան տնօրէնը՝ Հայր Խալիլ Ալուանն է, Լիբանանցի առաքելութեանց Միաբանութենէն: Այս Միութիւնը ցարդ 2 համագումար կատարած է գործակցաբար Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան հետ: Պատրիարքներու Խորհուրդի Սիւնհոդոսը եւս այս միութեան կը յանձնէ կրօնքներու երկխօսութեան ձեռնարկները:
«Լիբանանի Սրբավայրերը, Ճանապարհդ դէպի Քրիստոս» արաբերէն լեզուով առաջին գիրքը, պտուղն է այս Միութեան աշխատանքներուն: Ան նկարազարդ և գունաւոր 245 էջանոց հատոր մըն է, որ լոյս տեսաւ այս տարի 10.500 տպաքանակով: Ան կ'ընդգրկէ Լիբանանի 21 սրբավայրերու մասին օգտակար տեղեկութիւններ: Նշելի է թէ Զմմառի Վանքը այս 21 սրբավայրերու 4-րդ տեղը կը գրաւէ, իր հնութեան կարեւորութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.