2012-10-15 13:13:31

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Գմբէթի Օրհնութիւն Եւ Բարձրացում ։


Ուրբաթ 5 Հոկտեմբերին Լաս Վեկասի մէջ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայութեամբ եւ յատուկ աղօթքներով ու օրհնութեամբ, տեղի ունեցաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նոր կառոյցին վրայ գմբէթի կառոյցին բարձրացման ու զետեղման արարողութիւնը
Ներկայ էր եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լերի Պարնզ, որ իշխանական նուիրատուութիւններով կը հոգայ այս ծրագիրին իրականացումը։ Անոր փափաքով, Ս. Կարապետ եկեղեցին յուշակոթող մըն է անոր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի ընտանիքի անդամներուն, Վանի շրջանէն, նահատակուած՝ Ցեղասպանութեան օրերուն։ Ներկայ էին նաեւ «Dream Fund»ի ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըր եւ Արտա Եմէնիճեան։
Յիշեցնենք, որ գմբէթին խաչը օծած էր Արամ Ա. կաթողիկոս, 2011ի Հոկտեմբերին, իր հովուապետական այցելութեան օրերուն։
Գմբէթին շէնքին վրայ բարձրացումն ու զետեղումը ստեղծեց տօնական մթնոլորտ. ներկաները գիտէին, թէ ականատես կ՛ըլլան պատմական իրագործումի մը, որ խորքին մէջ մէկ հանգրուանն է եկեղեցի-Հայ կեդրոն համալիրի կառուցման այլապէս պատմական գործին։ Սրտի խօսք մը արտասանելով, առաջնորդ սրբազանը օրհնեց բոլոր ներկաները, որոնք ականատես վկաներն են գմբէթի կառոյցի բարձրացման պատմական արարողութեան։ Ան բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ ու կողքի Հայ կեդրոնին շինարարական աշխատանքները փոյթով յառաջ տանելու ծխական յանձնախումբի նուիրումն ու նախանձախնդրութիւնը, անգամ մը եւս թեմի ու Լաս Վեկասի հայութեան երախտագիտութիւնը արտայայտեց ազնիւ բարերարին՝ Լարէ Պարնզի, «Dream Fund»ին եւ անոր ներկայացուցիչին՝ Լինտի Շումախըրի, ու բոլոր նուրատուներուն, որոնք այս համալիրին մէջ կը տեսնեն իրենց տասնամեակներու երազին մարմնաւորումը։ Ան մաղթեց, որ աշխատանքը նոյն թափով շարունակուի եւ ծխական այս շրջանը մօտիկ ապագային օժտուի եկեղեցի-հայ կեդրոն ամբողջական համալիրով։ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, գմբէթին կառոյցը բարձրացուեցաւ ու զետեղուեցաւ շէնքին վրայ։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին աղօթքով։
Եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքին ամբողջացումէն ետք, կողքի սրահը (որ առժամաբար կ՛օգտագործուի արարողութեանց համար) պիտի դառնայ շրջանի տարբեր սերունդներուն՝ երէցին ու պատանիին ազգային ու մշակութային կարիքներուն բաւարարութիւն տուող ժամադրավայր։ Անիկա պիտի օժտուի գրադարանով ու դաստիարակչական այլ հնարաւորութիւններով։ Այս բոլորը շրջանի հայութիւնը կը պահեն ազնիւ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման. աշխատանքի այժմու ընթացքը հաւաստիք կու տայ, որ մարտահրաւէրը պիտի առաջնորդէ յաջողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.