2012-10-14 12:25:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը:
Քրիստոսի հաւատալը կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ անոր հետ չարչարուելու:


Կիրակի 14 հոկտեմբերի կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց` օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ ուր կը խօսուի հարուստ երիտասարդին մասին որ Յիսուսի հարց կու տայ թէ ի՞նչ ընելու է յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար եւ երբ Յիսուս անոր կը յայտնէ թէ բացի Աստուծոյ պատուիրանները պահելէն միայն ուրիշ մէկ բան կը պակսի անոր <<ծախել բոլոր ինչքերը, բաժնել զանոնք աղքատներուն ու հետեւիլ Յիսուսի>>, երիտասարդին դէմքը կը մռայլի ու տխրութեամբ կը հեռանայ Յիսուսէն։ Յիսուս տեսնելով պատահածը իր շուրջիններուն կ՛ըսէ <<ուղտին անցքը ասեղի ծակէն աւելի դիւրին է քան հարուստին մուտքը` Աստուծոյ Արքայութեան մէջ>>։
Այս առակը մեզի կը սորվեցնէ թէ հարուստները պէտք չեն անտեսել իրենց փրկութիւնը ու պէտք են լաւագոյն կերպով օգտագործել իրենց ունեցածները։ Եկեղեցին լի է հարուստներու բարի օրինակներով որոնք ամէն իրենց ինչքերը դրին աւետարանութեան ի սպաս ու հասան մինչեւ սրբութեան աստիճանը - ըսաւ Սրբազան հայրը- ու ներկայացուց մի քանի սուրբերու օրինակներ, ինչպէս` Սուրբ ֆրանչէսկոսը, Հունգարիոյ Սրբուհի Եղիսաբէթը եւ Սուրբ Գարլօ Պոռոմէոն։ Ան ապա յայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ըսելով <<թող Սուրբ Աստուածածինը, իմաստութեան աթոռը, մեզ օգնէ, ուրախութեամբ համապատասխանելու Յիսուսի հրաւէրին, կեանքի լիութեան մէջ մտնելու համար։

Պենետիկտոս ԺԶ-ը ապա ակնարկեց Փրակայի մէջ տեղի ունեցած երանացման արարողութեան որուն ընթացքին երանելի հռչակուեցաւ Աստուծոյ Ծառայ ֆէտէրիքօ Պախըշթայնը ու անոր 13 միաբանակից եղբայրաները որոնք 1611-ին իրենց հաւատքին համար նահատակուած էին։ Ասոնք Հաւատոյ Տարուայ առաջին երանելիներն են -ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու մեզ կը յիշեցնեն թէ Քրիստոսի հաւատալը կը նշանակէ նաեւ պատրաստ ըլլալ անոր հետ չարչարուելու։
Հուսկ արտսանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկաները բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.