2012-10-14 10:03:26

«Էրեբունի-Երեւան-2794»ի Տօնական Հանդիսութիւններ


(Երեւանի ծննդեան տարեդարձը )
Երեւանի քաղաքապետի խորհրդական Արամ Սուքիասեան ներկայացուցած է «Էրեբունի-Երեւան 2794» հանդիսութիւններու ծիրին մէջ 14 Հոկտեմբերին նախատեսուած տօնական ձեռնարկներու ծրագիրը: Կը նախատեսուի, որ Երեւանի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւնները այս տարի կայանան մեծ շուքով։ Այս առիթով մայրաքաղաք պիտի ժամանեն գործընկեր եւ քոյր քաղաքներու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան մարզերու մեծ թիով պատուիրակութիւններ: Տօնական հանդիսութիւնները պիտի սկսին 9-10 Հոկտեմբերին՝ պատմական եւ ժամանակակից Երեւանի մասին պատմող ցուցահանդէսներով:
Հոկտեմբեր 14ին նախատեսուած նախաձեռնութիւններու տօնական ուրախ մթնոլորտը պիտի թեւածէ մայրաքաղաքի բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ: Բազմաբնոյթ ու բազմաբովանդակ հանդիսութիւններ պիտի կատարուին 26 բեմահարթակներու վրայ:
Այդ օրը պիտի յայտարարուի նաեւ մայրաքաղաքի նոր պատուաւոր քաղաքացիներու անունները: Նկատի ունենալով նաեւ, որ 2012 թուականին Երեւանի՝ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք ըլլալու տարի է, պիտի կազմակերպուին բացօթեայ գրական ցերեկոյթներ: Տեղի պիտի ունենան մարզամշակութային բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ։Աւանդութեան համաձայն՝ օրուան գլխաւոր հանդիսութիւնը, որ այս տարի կը կրէ «Իմ սրտի մայրաքաղաք» խորագիրը, տեղի պիտի ունենայ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 19:00ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.