2012-10-13 12:56:01

Նոր Աւետարանութիւնը եւ Քրիստոնեայ Հաւատքի Փոխանցում Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 7րդ Նիստ ( 12 հոկտեմբեր 2012)։


Հոկտեմբերին 7-ին՝ Վատիկանի մէջ սկիզբ առած՝ ՜՜Նոր Աւետարանութեան՝՝ նիւթով եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը, կը շարունակէ իր ընթացքը։
Ուրբաթ 12 հոկտեմբերի առաւօտեան, աշխատանքները սկսան Գ. Ժամու ժամասացութեամբ, որմէ ետք՝ Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարը՝ Գերապայծառ Էթէրովիչ Սիւնհոդոսական Հայրերու անունով իր զօրակցութիւնը ու մօտիկութիւնը յայտնեց Նիճերիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասին, որ ի տես բռնութիւններ յառաջացնող երկրի մէջ տիրող անկարգութիւններուն ճգնաջան աշխատանք կը տանի երկխօսութիւն հաստատելու ու յառաջացնելու արդարութեան եւ խաղաղութեան գաղափարները։ Գերապայծառ Էթէրովիչ այս առթիւ կոչ ուղղեց որ կրօնները չըլլան ի նպաստ խմբակներու կամ կուսակցութիւններու շահերուն, այլ ըլլան փոխադարձ հասկացողութեան, համագործակցութեան եւ խաղաղութեան բանալիներ.

Սիւնհոդոսի 7-րդ նիստը հուսկ շարունակուեցաւ զանազան հայրերու միջամտութիւններով որոնք անդրադարձան սիւնհոդոսական նիւթին զանազան տեսանկիւններէն։ Նիստին ներկայ գտնուեցան 252 հայրեր։
Զեկուցողներու շարքին էր Գիէվի Աւագ արքեպիսկոպոս գերապայծառ Շէվչուք որ անդրադարձաւ ժողովրդապետութիւններու ու անոնց գործունէութեան կարեւորութեան որպէս նոր աւետարանութեան վայրեր։

Քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդի նախագահը` Կարդինալ Ճանֆրանգօ Ռավազի, անդրադարձաւ ժամանակակից մշակոյթի երեւոյթներուն ու մանաւանդ <<բարբառներու>> եւ նոր լեզուներու գործածութեան կարեւորութեան, ՜՜որպէս աւետարանացումի միջոցներ՝՝։ Ան անդրադրձաւ նաեւ աշխարհականացումի իրողութեան եւ այս ուղղութեամբ <<ոչ հաւատացեաներու գաւիթ>> ծրագրի աշխատանքներուն։ Կարդինալ Ռավազին ընգծեց նաեւ արուեստական լեզուի կարեւորութիւնը ու մանաւանդ երիտասարադներու մշակութային ծաւալը ու անոնց ապրած փորձառութիւնները ու ընկերային յարաբերութիւններ մշակելու պահանջը։ Քահանայապետկան մշակոյթի Խորհուրդի նախագահը ապա խորհրդածութիւն մը կատարեց գիտական ու ճարտարարուեսատական աշխարհի մասին, որուն մէջ-ըսաւ ան- հաւատքը պէտք է ներաթափանցէ առանց վախի։

խօսք առաւ նաեւ Կղերի Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Մաուրօ Բիաչէնցա, որ անդրադարձաւ հոգեւորականներու թիւի պակասի տագնապալի հարցին , իսկ Գոր Ունում Քահանայապետական բարեսիրական Խորհուրդի նախագահը՝ կարդինալ Րոպէրդ Սարա` իր խօսքը կեդրոնացուց Հաւատքի ու սիրոյ միջեւ կապին վրայ։ Աւետարանի փոխանցման բանալին Աստուծոյ սիրոյն փորձառութիւնն է - հաստատեց ան - աւելցնելով որ առանց այս պարզ իրողութեան, արդի մարդը չի կրնար հասկնալ թէ ով է Քրիստոսը իսկապէս։ Արդ - եզրափակեց ան- եկեղեցւոյ բարեսիրական գործունէութիւնը կրնայ ներկայանալ որպէս մեծ առիթ մը Աստուծոյ լոյսը ներմուծելու համար աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.