2012-10-12 11:09:27

Տպաւորիչ Հաւաք Մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ


Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Լիբանանէն գրող, լրագրող եւ ազգային գործիչ Պրն. Սարգիս Նաճարեան որ համաժողովին մասին հետեւեալը գրած է։
Սփիւռքէն ժամանած՝ զանգուածային լրատուամիջոցներու շուրջ 90 պատասխանատուներու ու լրագրողներու, եւ ասոնց՝ Հայաստանի ու Արցախի երկու տասնեակ գործընկերներուն մասնակցութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր միջազգային ճանաչման, հատուցման իրաւունքի, հայկական պահանջատիրութեան, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ռազմավարական խնդիրներու մասին շուրջ 50 զեկուցումներով ու քննարկումներով, իրապէս տպաւորիչ էր «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագրեալ՝ լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը, որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 2012-ի Հոկտեմբերի 4-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի լրագրութեան ֆաքիւլթէթի Չարենցի անուան սրահին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի անխոնջ նախարարուհին՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեան, որ համաժողովի ոգեւորող դէմքն էր, Համաժողովի բացման իր խօսքին մէջ քանի մը հիմնական կէտերու մէջ արդէն ամփոփեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներէն եւ ընդհանրապէս լրագրողներէն ակնկալուած աշխատանքներուն ուղղութիւնը։
- Գրել եւ գնահատել կեցուածքը շուրջ երեք տասնեակ այն պետութիւններուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ մղելու համար զայն դեռ եւս պաշտօնապէս չճանչցած երկիրները հետեւելու առաջիններու օրինակին եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկատելով որ ան համայն մարդկութեան դէմ ուղղուած հրէշային արարք մըն է եւ անոր դատապարտումը անհրաժեշտ է համայն մարդկութեան խնայելու համար նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը։
- Ուշադրութեան առարկայ դարձնել Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը, որ երկփեղկուած է, որովհետեւ թուրք մտաւորականներէն սկսեալ մինչեւ գործարարներ, տարբեր ասպարէզներու ազնիւ մտածումի տէր մարդիկ սկսած են բարձրաձայն արտայայտել իրենց այն համոզումը որ Թուրքիոյ համար ժամանակը եկած է ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ ներողութիւն խնդրելու հայ ժողովուրդէն։ Այսպէս մտածող մարդիկ այսօր յայտնապէս հակադրուած են թրքական իշխանութիւններուն եւ պէտք է աւելի ու աւելի գրել ու խօսիլ այս մարդկանց մասին։
- Պէտք չէ մտահան ընել «ծպտեալ հայերու» պարագան եւ խօսիլ նաեւ անոնց մասին։
- Պէտք է հակազդել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ սեպ խրելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած փորձերուն։
- Եւ վերջապէս, պէտք է անընդհատ գրել ու անդրադառնալ Հայաստանի շրջափակումին, յիշեցնելով որ այս շրջափակումին հետեւանքով Հայաստան կ՛ունենայ միլիառներու հասնող նիւթական շատ մեծ կորուստներ։
Այնուհետեւ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ համաժողովի մասնակիցներուն ուղղած ուղերձը եւս կը ցուցանշէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներէն ու հայ լրագրողներէն ակնկալուած աշխատանքներուն ուղղութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Արմէն Արզումանեանին կողմէ ընթերցուած ուղերձին մէջ, ան կը յայտարարէր թէ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր եւ ասոր հետեւանքներն են շրջափակումը, պատերազմի ամենօրեայ սպառնալիքները, ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ քնացած հայ սպային կացինահարումը։ Հետեւաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը, անոր հետեւանքներու վերացման պահանջը ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններն են, այլեւ համամարդկային խնդիրներ, միջազգային իրաւունքի հրատապ հարց, կանխարգիլելու համար նոր ցեղասպանութիւններ։
Հաւաստիացնելէ ետք որ այս իրողութեան դիմաց կարելի չէ լռել, Հանրապետութեան Նախագահը կը յայտարարէր.- ՜՜Հայ ժողովուրդին արդար դատը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական պաշտպանութիւնը, արցախեան հիմնախնդրի ճշմարտացի լուսաբանումը, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններն ու հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարի հարցերը պէտք է դառնան ամենօրեայ քննարկման նիւթ։ Եւ այս գործին մէջ չափազանց կը կարեւորեմ զանգուածային լրատուամիջոցներու դերը։ Ձեր նախաձեռնող ու աքթիւ գործունէութենէն շատ բան է կախուած՝՝։
Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներէն ակնկալուած գործունէութեան ուղղութիւնները ցոյց տուող յորդորներ էին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ուղերձները։ Արդարեւ, «յիշէ՛, յիշեցու՛ր եւ պահանջէ՛» կը պատգամէր Արամ Ա., իսկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կոչ կ՛ընէր լրագրողներուն ցոլացնելու համայն Հայութեան միասնականութիւնը եւ համախմբուածութիւնը հայկական պետութեան շուրջ։
Աղաւնաձորը, ուր Պետական Համալսարանէն տեղափոխուեցան համաժողովին մասնակիցները՝ յաջորդող երկու օրերուն շարունակելու համար իրենց աշխատանքը, իր աշնանային ոսկեփայլ բնութեամբ գեղատեսիլ ու առողջարար այնպիսի վայր մըն էր, ուր Սփիւռքէն ժամանած լրագրողները պիտի ուզէին համաժողովային աշխատանքի հրաւիրուելէ բացի, նաեւ հանգստանալու հրաւէր ստանալ...։

Յայտնապէս, պատահական չէր Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կատարուած համաժողովի վայրի ընտրութիւնը։ Ան ուզած էր մայրաքաղաքի ժխորէն հեռու, հայրենի բնութեան ծոցին մէջ համախմբել Հայութեան չորրորդ իշխանութեան ներկայացուցիչները, որպէսզի անկախ համաժողովի աշխատանքային նիստերէն, ասոնց զուգահեռ եւ պաշտօնական զեկուցումներէն առաջ եւ վերջ, իբրեւ համահայկական հիմնախնդիրներու մասին միեւնոյն մտահոգութիւններ, նպատակներն ու առաջադրանքները բաժնող մարդիկ՝ քով-քովի գան, ժամանակի ճնշումէն հեռու, անկաշկանդ, իրարու ծանօթանան, խորհրդակցին, կարծիքներ, տպաւորութիւններ եւ իրենց աշխատանքային փորձերը փոխանակեն, քննարկեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն միջեւ խիստ կարեւոր գործակցութեան հնարաւորութիւնները եւ հայկական լրատուադաշտի խնդիրները։
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը չէր սխալած իր նախատեսութեան մէջ։ Որովհետեւ համաժողովին առընթեր մասնակիցներուն միջեւ հաստատուած շփումները լրացուցիչը եղան ամբիոնէն արտասանուած խօսքերուն ու արտայայտուած միտքերուն։ Ափսոս որ մեզի անծանօթ պատճառներով այս առիթէն կը բացակայէին Սփիւռքի եւ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ մասնաւորաբաւոր գրաւոր մամուլի քանի մը թենորներ։
Լսելէ ետք շուրջ 20 երկիրներէ եկած 50 մասնակիցներւ ընդհանրապէս բովանդակալից զեկուցումները Համաժողովը եզրափակուեցաւ այցելութիւններով Ազգային Ժողով, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններ եւ հանդիպում-հարցազրոյցներով Հանրապետութեան ղեկավար կարեւորագոյն մարմիններու պետերուն՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին, Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմանզարովին, արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին եւ պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանին հետ (Սբ. Էջմիածին այցելութիւն մը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ հանդիպում մըն ալ վստահաբար ցանկալի պիտի ըլլար մասնակիցներուն համար)։
Անշուշտ կանուխ է եռօրեայ համաժողովի արդիւնքներու վերջնական եւ ամբողջական գնահատական մը տալու համար։ Մինչ այդ, եւ իբրեւ առաջին գնահատական, պէտք է արձանագրել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ հայաստանեան եւ աշխարհասփիւռ հայկական լրատուամիջոցներէն ակնկալուած միասնական ռազմավարութեամբ մը հանդէս գալու՝ համաժողովի մասնակիցներուն յանձնառութիւնը, որ ամէն բանէ առաջ կ՚ենթադրէ հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան լրատուամիջոցներու համագործակցութիւնը՝ Հայաստանին, Արցախին եւ համայն Հայութեան դիմաց ծառացող համազգային հիմնախնդիրներու եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցներու մասին համաժողովի ամբիոնէն հնչած առաջարկներուն ու առաջադրանքներուն շուրջ։ Այդ համագործակցութիւնը պիտի վերահաստատէ հայկական մամուլին եւ ընդհանրապէս զանգուածային լրատուամիջոցներուն՝ հայկական պետութեան թիկունգին կանգնած իրական իշխանութիւն մը ըլլալու իրողութիւնը։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
10 / 10 / 2012








All the contents on this site are copyrighted ©.