2012-10-12 12:17:50

Սուրիական Օդանաւի Հարցը "Ռուսիա – Թուրքիա" Լարուածութիւն Կը Ստեղծէ. Դամասկոս Անգարան Օդահէնութեամբ Կ՛ամբաստանէ, Իսկ Մոսկուա Անգարայէն Բացատրութիւն Կը Պահանջէ:


Թրքական կործանիչ մը չորեքշաբթի գիշեր Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւային ընկերութեան օդանաւը ստիպած էր քննութեան համար էջք կատարել Անգարայի օդակայանը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիա վտանգած է նշեալ օդանաւին մէջ գտնուող ճամբորդներուն, ներառեալ` Ռուսիոյ 17 քաղաքացիներու կեանքը:
Ան ըսած է, որ թրքական կողմը Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան չէ տեղեկացուցած, որ ուղեւորներու շարքին Ռուսիոյ քաղաքացիներ կան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը այդ մասին տեղեկացած է ելեկտրոնային լրատուամիջոցներէն:
«Անգարա խախտած է երկկողմանի համաձայնութիւնը եւ ռուս դիւանագէտներուն չէ արտօնած հանդիպիլ օդանաւին մէջ գտնուող Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ: Մոսկուա այդ արարքին վերաբերեալ թրքական իշխանութիւններէն բացատրութիւն կը պահանջէ եւ անընդունելի կը նկատէ նման միջադէպերու կրկնութիւնը», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը պահանջած է Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ հանդիպիլ: Օդակայան ուղարկուած են դեսպանատան աշխատողներ եւ բժիշկ մը, սակայն թրքական կողմը, առանց պատճառաբանութեան, արգիլած է դիւանագէտներու ռուս քաղաքացիներուն հետ հանդիպումը: Ռուսիոյ քաղաքացիներուն ճաշ չեն տրամադրած եւ թոյլ չեն տուած օդակայանի տարածք դուրս գալ:
«Ռուսական կողմը նման գործողութիւններու համար բացատրութիւն կը պահանջէ թրքական իշխանութիւններէն, ինչպէս նաեւ այսպիսի միջադէպերու ապագային կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար միջոցառումներու որդեգրումը կը պահանջէ», յայտարարած է ան:
Ռուսիոյ զէնքի արտածման մարզէն աղբիւր մը իր կարգին հերքեց, թէ սուրիական օդանաւին վրայ զէնքեր կամ զինուորական սարքեր գոյութիւն ունեցած են: Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ սուրիական օդանաւը «ոչ քաղաքային» սարքեր կը փոխադրէր:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ թրքական «Այտընլըք» օրաթերթին հետ երէկ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Մենք որեւէ խնդիր չունինք թուրք ժողովուրդին եւ զինուորականութեան հետ: Սուրիան թշնամական կեցուածք չունի Թուրքիոյ նկատմամբ եւ միշտ եղբայրաբար մօտեցած է: Մենք խնդիրներ ունինք թրքական կառավարութեան հետ` այն կեցուածքին համար, որուն պատճառով ալ սահմանին վրայ խնդիրներ կ՛ունենանք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.