2012-10-12 12:52:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կը Հանդիպի Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի Հայրերուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այսօր` ուրբաթ 12 հոկտեմբերի կէսօրին, վատիկանի մէջ ընդունեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. ու անոր ընկերացող շքախումբը։
Ժամը 12.30-ին Գլեմենթինա սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի մասնակցող ու վերապրող մի քանի եպիսկոպոսներուն ու զանազան երկիրներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներուն որոնք երէկ մասնակցեցան Հաւատոյ Տարուայ բացման արարողութեան։
Նորին Սրբութիւնը ապա, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, անոնց հետ բաժնեկցեցաւ եղբայրական ագապը որուն հրաւիրուած էին նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը ու Գանթէրպուրրէի Արքեպիսկոպոսը։ Ներկայ էին նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքները։

Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը վերյիշեց հինգշաբթի օրուայ Սուրբ Պետրոսի մէջ կատարուած` Հաւատոյ Տրուայ բացման արարողութիւնը ու ըսաւ <<ձեր դէմքերուն մէջ կը տեսնեմ հարիւրաւոր եպիսկոպոսներու դիմագիծերը որ աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ յանձնառու են աւետարանի քարոզութեամբ ու մարդու ու եկեղեցւոյ ծառայութեամբ, Քրիստոսէն ստացած հրահանգին հնազանդելով։ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի վերապրող Հայրերուն ու բոլոր անոնց որ առողջական պատճառներու համար չի կարողացան յոբելինական արարողութեան մասնակցիլ։

Եկեղեցական տիեզերական այդ ժողովէն 50 տարիներ ետք քրիստոնէութիւնը պէտք չէ որպէս <<անցեալի իրողութիւն մը>> ճանչցուի, որովհետեւ Քրիստոսը երէկ էր, այսօր ու յաւիտեան>>։ Ասոր համար Քրիստոնէութիւնը միշտ նոր է։ Ան կը ներկայանայ որպէս ծառ մը որ մշտատեւ արշալոյսի մէջ է։ Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովը եղաւ Սուրբ Հոգիի շնորհքի շրջան մը որ մեզի սորվեցուց թէ Եկեղեցին, պատմութեան հոլովոյթին, պարտական է խօսիլ ժամանակակից մարդուն, եւ այս կարելի է միայն այն անձերու միջոցաւ որ արմատացած են Աստուծոյ մէջ եւ թոյլ կու տան որ Ան զիրենք առաջնորդէ ու կ՛ապրին մաքուր հաւատքով ։

Սիրելի եղբայրակիցներ ըսաւ հուկ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով <<Երէկ սկիզբ արնող Հաւատոյ Տարին մեզի կը թելադրէ լաւագոյն ձեւը յիշելու վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովը։ Կեդրոնանաք պատգամի վրայ որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ, աշխարհի միակ Փրկիչ` Քրիստոսի մէջ Հաւատք ունենալու պատգամը։
Այսօր եւս կարեւոր է որ Աստուծոյ սիրոյ ճառագայթը ներթափանցէ ամէն մարդու ու կնոջ կեանքին մէջ ու մարդիկը ուղղուին դէպի Աստուծոյ։
Կը մաղթեմ որ ամէն իւրայատուկ եկեղեցիները այս տարուայ տօնախմբութեամբ գտնեն առիթը վերադառնալու Աւետարանի ողջ աղբիւրին` Յիսուս Քրիստոսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.