2012-10-12 13:07:42

Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի Բաց Նամակը Իտալական Մամուլին Եւ Յատկապէս RAI Հեռուստատեսիլի Տնօրէնութեան։


Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը բաց նամակով կ՝արտայայտուի Իտալիոյ եւ Հայաստանի մարզիկներու հանդիպումին՝ ոտնագունդի հաւաքականին մասին։
Ահաւասիկ Նամակը...
Յարգարժան Տնօրէն
Մի քանի օրէն Հայաստանի եւ Իտալիոյ ոտնագունդի ազգային խումբերը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիպին. իրարու։
Պատմական դէպք մը ...
Երկար տարիներու ախոյեան իտալական երկնագոյն խումբը հայկական ՜՜նորահաս՝՝ խումբին դէմ, որը տակաւին այնքան զօրեղ չէ՝ (քանի որ Հայաստան 1991-ին անկախութիւնը ստացած երկիր է) սակայն համայն հայ ժողովուրդին համար այս դէպքը թէ պատմական է եւ թէ հպարտանքի արժանի մանաւանդ որ իր հողին վրայ պիտի հիւրընկալէ համաշխարհային համբաւ ունեցող խումբ մը Իտալիոյ երկնագոյն խումբը...
՜՜Արդիւնքը՝՝ յայտնի է, նոյնիսկ եթէ երիտասարդ Մինասեանը ամբողջ ոյժով պիտի մրցի յուսախաբ չձգելու համար իրեն հաւատացողները՝ իր կողմնակիցները՝ այսպէս կոչուած ՜՜երկրպագուները՝՝։
Որպէս ՜՜Սփիւռքահայեր՝՝ Իտալիոյ տարածքը ապրող հայեր, մեր սիրտը երկուքի բաժնուած է, այլապէս կարելի չէ որ ըլլար...
Պատմական, մշակութային եւ կրօնական խոր կապերը՝ որոնք իրարու կը միացնեն երկու ժողովուրդները, անկարելի է որ խզուին ՜՜ ոտնագունդի խաղերու՝՝ պատճառաւ։
Ինչ որ ալ ըլլան արդիւնքները, կը մաղթենք որ Իտալիան կամ ալ (հաճելի անակնկալ պիտի ըլլայ նաեւ ) Հայաստանը կարենան հասնիլ աւարտականին։
Այս բարեկամական մթնոլորտի մէջ, կոչ կ՝ուղղենք երկնագոյն խումբի բոլոր կողմնակիցներուն որ համակրանքով նային հայկական ազգային նորահաս խումբին որ 12 հոկտեմբերին՝ պատիւը պիտի ունենայ խաղալու՝ Իտալիոյ հետ (ոչ իտալիոյ դէմ) ։
Մարզական յաղթանակը մեծ ՏՕՆ մը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին համար որ դէպի ապագայ կը նայի մոռնալու՝ տխուր ու դժուար անցեալ մը ։
Յարգանքով՝
Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդ-Իտալիա։
Յ.Գ
Այս գիրը լոյս տեսաւ իտալական մարզական հանդէսներու մէջ... եւ որուն պիտի անդրադառնան խաղերու ընթացքին հեռատեսիլի (մարզական) հաղորդավարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.