Վատիկանի Բ Տիեզերական Ժողովի 50-րդ Տարեդարձին Առթիւ Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի Յատուկ Թիւ։
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ տարեդարձին առթիւ, Վատիկանի
Կիսապաշտօն օրաթերթ՝ Օսսերվաթորէ Ռոմանոն, իտալերէն, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով
յատուկ թիւ մը հրատարակած է, որ կը պարունակէ վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի պատմութիւնը։
Հրատարակութեան նախաբանը կը կրէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ստորագրութեամբ անտիպ
յօդուած մը որուն մէջ Սրբազան Քահանայապերտը կը յայտնէ թէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի
հայրերուն նպատակը <<նոր ու այլ եկեղեցիի մը հիմնադրութիւնը չէր, այլ եկեղեցին նորոգելը>>։
Իր յօդուածին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կ՛անդրադառնայ այդ 11 հոկտեմբեր 1962-ի <<սքանչելի
օրուան>> պատմելով 2000 Ժողովական հայրերու մուտքը Սուրբ Պետրոսի Տաճար ու անոր մէջ տեսնելով
<<Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցւոյ պատկերը, համայն աշխարհը իր ձեռքերուն մէջ կը գրկած՝ որուն
ժողովուրդները միացած են Անոր խաղաղութեան մէջ>>։ Սրբազան Քահանայապետը ապա կ՛անդրադառնայ
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին շօշափուած <<կրօնի ազատութեան>> մասին նիւթին,
ու ապա կը խօսի ոչ քրիստոնեայ կրօններու հետ Եկեղեցւոյ յարաբերութեան մասին։ Բնագիր
մը՝ որ դրական կերպով կ՝անդրադառնայ կրօնին, անտեսելով կրօնի խեղաթիւրուած եւ ՜՜հիւանդ՝՝
ձեւերը։