2012-10-11 14:49:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քարոզը՝ ՜՜Հաւատոյ Տարւոյն՝՝ Բացման Արարողութեան Ընթացքին։


Նորին Սրբութիւնը, գլխաւորելով ՜՜Հաւատոյ Տարուայ՝՝ բացման հանդիսաւր արարողութիւնը , Ս. Պետրոսի անուան հրապարակը, իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ։

Յարգարժան Եղբայրակիցներ
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր

Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու 50 տարիներ ետք մեծ ուրախութեամբ է որ այսօր բացումը կը կատարենք Հաւատոյ Տարուան, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր արտասանած քարոզին սկիզբը։ Ապս Ան ողջունեց ներկաները ու մասնաւորպէս Բարթողոմէոս Ա.՝ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը, ու գերապայծառ Րոան Ուիլիամս՝ Գարթէրպուրրիի Արեպիսկոպոս ու Անկլիքան եկեղեցւոյ պետը, ինչպէս նաեւ արեւելեան եկեղեցաիներու պատրիարքները որոնց շարքին է նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ, եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը։
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ օրուան արարողութեան հանգրուաններուն ու անոնց նշանակութեան , որպէս յիշատակ վատիկանեան տիեզերական Բ Ժողովին։ Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ Հաւատոյ Տարուայ մասին որը կապուած է - ըսաւ ան - եկեղեցւոյ վերջին 50 տարիներու ուղեւորութեան ու նշեց տիեզերական եկեղեցւոյ պատմական զանազան հանգրուանները. երջանկայիշատակ Պօղոս Զ 1967-ին հռչակած Հաւատոյ Տարիէն մինչեւ երանելի ՅՊԲ.ի 2000-ի Յոբելինական Տարին։ Յիսուս Քրիստոս Հաւատոյ նիւթը չէ այլ << հաւատքի աղբիւրն է ու զայն կատարելագործողը>>։
Սրբազան Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը որ կը խօսի Անոր Նազարէթ քաղաք երթալը ու ժողովարանին մէջ Եսայի մարգարէի գիրքի ընթերցումը։ ՜՜Տիրոջ Հոգին վրաս է որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն, հռչակելու Բարի Լուրը՝՝։ Քրիստոսի այս առաքելութիւնը կը շարունակուի դարերու հոլովոյթին - ըսաւ Սրբազան հայրը- ու յիշեց նաեւ Յիսուսի խօսքը իր աշակերտներուն. ՜՜ Այպէս ինչպէս Հայրը ղրկեց զիս ես ալ ձեզ կը ղրկեմ՝՝ խոստանալով անոնց Սուրբ Հոգին։ Աստուած է աւետարանութեան ենթական, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ. Քրիստոս ուզեց եկեղեւոյ փոխանցել իր առաքելութիւնը եւ կը շարունակէ այս գործը սուբ հոգւոյն շնորհքներով։
Պենետիկտոս ԺԶ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հաւատքին։
Վատիկանեան Ժողովը ոչ մէկ նորութիւն ներմուծեց հաւատքի մասին եւ ոչ ալ ուզեց փոխել եղածը անոր մտահոգութիւնն էր միայն որ << Հաւատքը շարունակուի եւ ըլլայ կեանքի ազդակ յեղաշրջուող աշխարհի մը մէջ>>։
Եկեղեցին այսօր կ՛առաջարկէ հաւատոյ տարին եւ նոր աւետարանցումը, ոչ թէ միայն նշելու ՜՜Վատիկանեան Ժողովին տարեդարձը՝՝ այլ՝ որովհետեւ այսօր եւս պահանջքը կայ հաւատքի եւ նոր աւետարանցումի։
Վերջին տասնամեակներուն, յառաջացած է հոգեւոր անապատականացումը յառաջացած է ու պարապութիւնը տարածուած։ Եւ մեկնելով այս անապատականացումի փորձառութենէն, պէտք է որ վերագտնենք ՜՜հաւատքի գեղեցկութիւնը ու անոր կենսական կարեւորութիւնը՝՝ մեզի համար։
Անապատին մէջ կը վերագտնենք ապրելու էական արժէքները։
Ժամանակակից աշխարհի մէջ, շատ են այն երեւոյթները որոնք ցոյց կու տան Աստուծոյ հանդէպ ծառաւը։
Անապատին մէջ ամէն բանէ առաջ կարիքը կայ հաւատք ունեցող մարդոց որոնք իրենց կենցաղով ցոյց կու տան դէպի խոստացուած երկիր տանող ճանապարհը եւ վառ կը պահեն յոյսը։
Ապրուած հաւատքը սրտերը կը բանայ ընկալելու Աստուծոյ շնորհքները որ մեզ կ՛ազատագրէ յորետեսութենէն ։
Այսօր աւելի քան երբեք ՜՜աւետարանացում՝՝ կը նշանակէ վկայել Աստուծմով այլափոխուած նոր կեանք մը, ու ցոյց տալ ճանապարհը. ըսաւ Սրբազան Հայրը ու իր խօսքը եզրափակելով նշեց թէ 11 հոկտեմբեր 1962-ին կը կատարուէր Աստուածամօր տօնին յիշատակը։
Տիրամօր յանձնենք Հաւատոյ Տարին - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ - թող ան օգնէ մեզի որ ի գործ դնենք Պօղոս առաքեալի խօսքերը ՜՜Քրիստոսի խօսքը թող բանի ձեր մէջ առատօրէն։ Ամենայն իմաստութեամբ իրարու սորվեցուցէք եւ զիրար խրատեցէք։...ինչ որ ընէք, խօսքով կամ գործով զայն ըրէք Տէր Յիսուսի անունով եւ անով գոհութիւն մատուցէք Աստուծոյ Ամէն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.