2012-10-11 14:51:05

Հունգար Մտաւորականները Հայ Ազգէն Ներողութիւն Խնդրեցին.


Հունգարիայէն Հայաստան եկած չորս մտաւորականներ, 10 Հոկտեմբերին այցելեցին Եռաբլուր Պանթէոնը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին եւ անոր շիրիմին մօտ հունգարացի ժողովուրդին անունով ներողութիւն խնդրելու հայ ժողովուրդէն:
«Մենք հոս եկած ենք ամօթի զգացումէն դրդուած: Ես կ՛ուզեմ ձեզմէ խնդրել ներողութիւն, ներողութի՛ւն, ներողութի՛ւն», ըսած է Հունգարիոյ Ճոն Ուելսի անուան Աստուածաբանական Քոլեճի նախագահ Քապոր Իվանյին: Ան հունգարացի ժողովուրդին անունով իր խոր վշտակցութիւնը յայտնած է Գուրգէն Մարգարեանի ծնողներուն:
Գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան ընդգծեց, որ հայ ազգը երբե՛ք չի մոռանար 2004 եւ 2012 թուականներուն տեղի ունեցածը՝ անգամ մը եւս վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանին մաս կազմելու անկարելիութիւնը:
Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար հոն կը գտնուէին նաեւ Հայաստանի տարբեր ռազմական ուսումնարաններու ուսանողներ, ազատամարտիկներ, համալսարանականներ, որոնք կը կրէին արդարութիւնը վերականգնելու կոչերով պաստառներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.