2012-10-11 14:50:41

Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ Նախաձեռնութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հռչակած Հաւատոյ Տարուայ (2012-2013) առթիւ, աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ կը կազմակերպուին ձեռնարկներ եւ միջոցառումներ նշելու համար վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ յոբելեանի առթիւ հռչկաուած այս Տարին։

Հինգշաբթի 11 հոկտեմբերին՝ Փարիզի մէջ, ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ <<երիտասարդները, եկեղեցին ու վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովը>>խորագրով մամլոյ ասուլիս, ներկայացնելու համար <> ձեռնարկը ուղղուած երիտասարդներուն եւ որը որ կը ձգտի անոնց միջոցաւ ճանչցնել Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովի ուսուցումները։

Նոյն օրը, Պուէնոս Այրէսի՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան հանդիսասրահին մէջ Քահանայապետական Տան քարոզիչը՝ Հայր Րանիէրօ Գանդալամէսսան կը մասնակցի հանդիպումի մը, նշելու համար Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովը ու Հաւատոյ Տարւոյն Բացումը։ Հանդիպման ձեռնարկը կազմակերպուած է Արկէնթինայի Քահանայապետական Կաթողիկէ Համալսարանի կողմէ եւ նախաձեռնութեամբ՝ Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսական Թեմին ։ Հանդիպման ընթացքին զեկուցողներու շարքին են նաեւ՝ Մէթոտիստ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Նէսթոր Միկէզ, որուն հայրը մասնակցած էր Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի նիստերուն եւ հրեայ Ռաբունապետ՝ Ապրահամ Սգորգա՝ լատին ամերիկայի հրէական նորընծայարանի Րէկտորը, որ այս առթիւ Պատուոյ Տոքթորայի տիտղոսը կը ստանայ Արկէնթինայի Քահանայապետական Կաթողիկէ համալսարանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.