Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Վատիկանի Մէջ Կայացած Եպիսկոպոսական
Համաժողովին։
Վատիկանի մէջ 7 Հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ
կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համաժողովին: Համաժողովի քննարկումին նիւթն է «Նոր աւետարանչութիւն`
ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքի տարածման»: Արդարեւ, շուրջ երեք շաբաթներու ընթացքին
կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները վերոյիշեալ նիւթը պիտի քննարկեն եւ համապատասխան որոշումներ
պիտի տան: Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եզակի այս համաժողովին իբրեւ դիտող մասնակցելու
հրաւիրուած են շուրջ 15 ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներ, որոնց կարգին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութիւնը: Յանուն Ս. աթոռին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին յիշեալ համաժողովին իր մասնակցութիւնը
կը բերէ կաթողիկոսարանի Միջ-Եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխվարիչ Մասիս վրդ.
Զօպույեան: